Պատժամիջոցներու վերացման դիմաց Թեհրանը պատրաստ է որպէս զիջում երաշխաւորել, որ իր միջուկային ծրագիրը միշտ խաղաղ բնոյթ պիտի կրէ, Fox News-ին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին։
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը յայտարարած էր, որ 25% մաքսատուրք պիտի սահմանէ բոլոր այն երկիրներու վրայ, որոնք գործարք պիտի կնքեն Իրանի հետ: