Ամերիկացի պաշտօնեան NBC News-ին յայտնած է, որ Պայտընի վարչակազմը Նաթանիահուի արձագանգներուն մէջ հրադադարի համաձայնագրի մերժում չի նկատեր, եւ բանակցութիւնները աւելիով պիտի զարգանան ՀԱՄԱՍ-ի դէմ Իսրայէլի ձախողման եւ Իսրայէլի մէջ ներքին ճնշումներու սրման պատճառով։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «Ալ Մայատին» կայանէն։
Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը (որ չէ ուզած անունը բացայայտել) հաստատած է, որ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը Իսրայէլի վարչապետ՝ Բենիամին Նաթանիահուի հրադադարի համաձայնագրի վերաբերեալ հրապարակային խօսքերը չի դիտարկեր որպէս հրադադարի մերժում:Ըստ ամերիկացի պաշտօնեայի, Ուաշինկթըն կը կարծէ, որ բանակցութիւններուն մէջ առաջընթաց կայ, «որովհետեւ Իսրայէլը Կազայի մէջ «Համաս»-ի դէմ զգալի յաջողութիւն չի գրանցեր, ինչպէս կ՚ակնկալուէր, եւ քանի որ Նաթանիահուն կը բախի աճող ներքին ճնշման՝ ազատելու գերիները, որոնք դեռ Կազայի մէջ են։
Սակայն Նաթանիահու բազմիցս իր մերժումը յայտնած է որեւէ զինադադարի համաձայնագրի, որ կը ներառէ իսրայէլեան զօրքերու դուրսբերումը Կազայէն եւ հազարաւոր պաղեստինցի բանտարկեալներու ազատումը իսրայէլեան բանտերէն:
Ըստ NBC News-ի, Նաթանիահուի յայտարարութիւնները արտացոլանքն են այն պահանջներուն, որ ունին անոր «ծայրայեղ աջ» դաշինքի անդամները, որոնց շարքին՝ Ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար պըն Կավիր եւ ելեւմուտքի նախարար Պէզալել Սմոթրիչ, որոնք սպառնացած են հրաժարական տալ եւ կազմալուծել կառավարութիւնը, եթէ Կազայի հատուածի դէմ ռազմական յարձակումը չեղարկուի եւ հրադադար հաստատուի։
Միւս կողմէ, ռազմական ճնշման միջոցով պատերազմի յայտարարուած նպատակներուն հասնելու իսրայէլեան ձախողման պայմաններուն մէջ, պաղեստինեան դիմադրութիւնը կառչած կը մնայ իր առաջնահերթ պահանջներուն, որոնք են՝ Կազայի հատուածի դէմ յարձակման համապարփակ դադրեցումը, այնտեղէն իսրայէլեան բոլոր ուժերու դուրսբերումը, գերիներու փոխանակման լուրջ գործընթացը եւ տեղահանուածներուն ապաստան տալը։
Այս ծիրէն ներս, պաղեստինեան խմբաւորումներու ղեկավարութեան աղբիւրը յայտնած է, որ իրենք «Համաս» շարժման ղեկավարութենէն հաղորդագրութիւն ստացած են՝ փարիզեան հանդիպման հիման վրայ ներկայացուած «շրջանառուող փաստաթուղթ»ի վերաբերեալ՝ բացատրելով, որ փաստաթուղթը «ուսումնասիրութեան փուլի մէջ է՝ համաձայն համաձայնեցուած ազգային բնութագրերու»։
Ղեկավարութեան աղբիւրը նաեւ զգուշացուցած է, որ իսրայէլեան լրատուամիջոցները «կը հրապարակեն շինծու եւ կեղծ լուրեր՝ նպատակ ունենալով գրգռել հանրային կարծիքը բանակցութիւններուն վերաբերեալ»՝ ընդգծելով, որ ««շրջանառուած փաստաթուղթ»ի շուրջ տակաւին համաձայնութիւն չկայ, եւ «Համաս» կարեւոր դիտարկումներ ունի այդ առումով»։