image

«Պատերազմի վճռական փուլ». Ըստ ՆԱԹՕ-ի

«Պատերազմի վճռական փուլ». Ըստ ՆԱԹՕ-ի

ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Միրչա Ճէոանէն ըսած է, որ ուքրանական պատերազմը մօտակայ շաբաթներու ընթացքին պիտի մտնէ վճռական փուլ։ 

«Մենք կը թեւակոխենք Ուքրանիոյ դէմ Ռուսաստանի պատերազմի վճռական փուլ: Մենք կ'ակնկալենք, որ յառաջիկայ շաբաթները վճռորոշ պիտի ըլլան, նոյնիսկ եթէ պատերազմը աւելի երկար տեւէ», ըսած է ան:

Միաժամանակ Ճէոանէն ընդգծած է, որ դաշինքը չ'ակնկալեր, որ պատերազմը կը սրի, եւ ՆԱԹՕ-ն պիտի ներգրաւուի հակամարտութեան մէջ։

«Ռազմական տեսանկիւնէն մենք չենք տեսներ, որ Ռուսաստանը կը փափաքի կամ կրնայ սրել հակամարտութիւնը, յատկապէս ՆԱԹՕ-ի հետ: Թերեւս զսպող է այն փաստը, որ ՆԱԹՕ-ն զգալի լրացուցիչ ուժեր զօրաշարռի ենթարկած է արեւելեան թեւին մէջ, որ մենք պատմութեան մէջ առաջին անգամ աշխուժացուցած ենք Արեւելեան երկիրներու համար պաշտպանութեան ծրագիրը», ընդգծած է Ճէոանէն։

Անոր խօսքով՝ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը պիտի շարունակուի «աւելի մեծ ուժգնութեամբ եւ աւելի մեծ զոհերով», սակայն Ռուսաստանի եւ ՆԱԹՕ-ի միջեւ մագլցողութեան վտանգ չկայ։

«Մենք կը փորձենք խուսափիլ նման սենարէն», ըսած է ան: