image

Պաշտօնական Փարիզը Պաքուի քայլերը անբարոյ որակած է

Պաշտօնական Փարիզը Պաքուի քայլերը անբարոյ որակած է

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնայի գնահատմամբ, Պաքուն Արցախի հայերու նկատմամբ խեղդամահութեան ռազմավարութիւն կը կիրառէ, որպէսզի ստիպէ, որ անոնք զանգուածաբար արտագաղթեն։

Այս մասին ֆրանսական դիւանագիտութեան ղեկավարը յայտարարած է արտերկրի մօտ Ֆրանսայի դեսպաններու տարեկան համաժողովին ունեցած իր ելոյթի ընթացքին։

«Մենք կը շարժինք այնպէս, որ պայմաններ ստեղծենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ արդար եւ կայուն խաղաղութեան համար, սահմանազատուին երկու երկիրներու միջեւ սահմանները, եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին այնտեղ ապրելու հնարաւորութիւն առաջարկուի՝ ապահովելով իրենց իրաւունքները, մշակոյթը եւ պատմութիւնը», - յայտարարած է Քոլոնա:

Ան նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղէն հայերու զանգուածային արտագաղթ հրահրելուն ուղղուած խեղդամահութեան ռազմավարութիւնն անօրինական է եւ ինչպէս Արդարադատութեան միջազգային դատարանը վճռած է, այն նաեւ անբարոյ է։