image
Հրատապ լուրեր:

Պաքուի նպատակն է մշակութային ցեղասպանութիւն իրականացնել. Յոյն դիւանագէտ

Պաքուի նպատակն է մշակութային ցեղասպանութիւն իրականացնել. Յոյն դիւանագէտ

Արցախի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան դէմ սպառնալիքներուն վերաբերեալ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Հայաստանի մէջ Յունաստանի առաջին դեսպան, ՍԾՏՀ նախկին գլխաւոր քարտուղար Լէոնիտաս Խրիզանթոփուլոսը: 

«Պաքուի կողմէ վերջին պատերազմի հետեւանքով Արցախէն գրաւուած տարածքներուն մէջ գտնուող հայկական տաճարներուն մէջ` հայկական ներկայութեան ոչնչացման նպատակով Ատրպէյճանի կողմէ աշխատանքային խումբի ստեղծումը կը հանդիսանայ մշակութային ֆաշիզմ:

Քրիստոնէական տաճարներու Կովկասի ալպանացիներուն պատկանելու պատրուակով այդ խումբը պէտք է որոշէ, որ տաճարներէն պէտք է վերացուի հայկական ներկայութիւնը:

Կովկասի Ալպանական եկեղեցին եղած է ինքնավար եկեղեցի: Այն ստեղծուած է կարճ ժամանակով հինգերորդ դարուն եւ 705-ին ենթարկուած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ: Ալպանական այբուբենը ստեղծուած է Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ, որ ստեղծած է հայկական այբուբենը 405 թուականին եւ ժամանակ մը յետոյ ստեղծած է ալպանականը: Հետեւաբար անհնարին է, որ Հայկական եկեղեցին իր իսկ օգտին համար օգտագործէր ալպանական տաճարները:

Պաքուի նպատակն է իրականացնել մշակութային ցեղասպանութիւն, եւ անոր համար ան պէտք է դատապարտուի»: