Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան 1 սեպտեմբերին՝ ընդունած է 44-օրեայ պատերազմին անհետ կորած «Քիմիկներ»ու զօրամասի զինծառայողներու ծնողները։ Այս մասին ըսած է ծնողներէն Կարինէ Մանաւազեան։
«Պապիկեանը խոստացաւ, որ արբանեակներով կը կարողանանք հասկանալ, թէ այդ պահին, որտեղ են եղել տղաները, նաեւ ԴՆԹ-ների (DNA) հարցը կը վերանայի։ Որոշ ծնողների հետ էլ առաջիկայում առանձին հանդիպումներ է ունենալու։ Ամէն դէպքում, մեծ ակնկալինքեր չունէինք իրենից, հիմա էլ չունենք»,- նշած է Մանաւազեան։
Յիշեցնենք, որ ծնողները երկու օր շարունակ բողոքի հաւաք իրականացուցած էին Պաշտպանութեան նախարարութեան մօտ՝ պահանջելով հանդիպում Սուրէն Պապիկեանի հետ։ Անոնց խօսքով՝ իրենք ամիսներ շարունակ փորձած էին հանդիպիլ Պապիկեանին հետ, սակայն հանդիպումն անընդհատ կը յետաձգուէր։
44-օրեայ պատերազմի ժամանակ «Քիմիկներ»ու զօրամասի զինծառայողները 21 հոկտեմբերին տեղափոխուած էին Արցախ՝ մարտական առաջադրանքի եւ սխալ հրամանի պատճառով յայտնուած շրջափակման մէջ: Այս ամէնուն հետեւանքով Աբգարեանի «Քիմիկներու զօրամասի» 40 զինծառայողներէն 5-ը գերեվարուած են, 12-ը՝ սպաննուած, իսկ մնացած 23 զինծառայողներն ու հանրակառքին վարորդը անյայտ կորած։ Դէպքի առնչութեամբ մեղադրեալի կարգավիճակ ունին քանի մը բարձրաստիճան զինուորականներ, որոնց կարգին է՝ զօրավար Անդրանիկ Մակարեան: