image

«Պապենական մեր տունը երէկուան երկրաշարժէն մեծ վնասներ կրած է». Լուսանկար

«Պապենական մեր տունը երէկուան երկրաշարժէն մեծ վնասներ կրած է». Լուսանկար

Խաժակ Այնթապլեան/Այնճար

Այս տունը պապենական մեր տունն է Մուսալեռան Վագըֆ գիւղին մէջ  եւ յուշարձանն է բոլոր խլուած ու մոխրացած մեր տուներուն... 

Տուն, որ դիմացած էր թշնամու ու ժամանակի արհաւիրքներուն ու անոր  մէջ երբէք  թուրքը չէր բնակած,  յետոյ վերանորոգուած  ու վերածուած էր  հիւրանոցի.. .

 

Այս տունը երէկուան երկրաշարժէն մեծ վնասներ կրած է ...

Բայց քանի որ պայքարող տուն է, դարձեալ ոտքի պիտի կանգնի ու հսկէ մեր երթը , մինչեւ որ մենք`  բոլոր այդ տան ժառանգները ունենանք մեր տունը հայրենի հողին վրայ։