image

Օրերս Ձերբակալուած Նահապետեան Եղբայրները AP -ի Անդամ Չեն. Պարզաբանեց Պետրոս Հաճեան

Օրերս Ձերբակալուած Նահապետեան Եղբայրները  AP -ի   Անդամ  Չեն.  Պարզաբանեց Պետրոս Հաճեան

Օրեր առաջ ամերիկեան լրատուամիջոցներու տարածած ԱՄՆ-ի մէջ հայազգի երկու եղբայրներու ձերբակալման լուրը մեծ արձագանք գտաւ նաեւ  հայաստանեան մամուլին մէջ: Լուրը կը հաղորդէր, որ  25-ամեայ Յակոբ եւ 23-ամեայ Պերճ Նահապետեանները «Armenian Power»-ի անդամ են եւ անոնք 17  Դեկտեմբերին ձերբակալուած են զէնքի եւ թմրանիւթերու գործածելու   մեղադրանքով:Այս ուղղութեամբ «Արեւելք» կապ հաստատեց Լոս Անճելոս ապրող բանտային հովիւ Պետրոս Հաճեանի հետ, որ մօտէն կը հետեւի եւ տեղեակ է հայ բանտարկեալներու հարցերէն: Նահապետեան եղբայրներու բանտարկութեան կապակցութեամբ Հաճեան յայտնեց, որ լրատուական յօդուածներու մէջ տարածուած այն լուրը, որ եղբայրները յանցախումբի անդամ են՝ սխալ է, նշելով, թէ այս մեղադրանքը ամերիկեան  մարմիններուն վարած հակահայ քաղաքականութեան արդիւնք է, որ կ'ուզէ այնպիսի պատկեր ստեղծել, թէ մեծ թիւով հայ երիտասարդներ յանցախումբերու անդամ են:

 Երկու եղբայրներուն  մօտ գտնուած թմրանիւթի վերաբերեալ Հաճեան յայտնեց, որ անոնց ձերբակալութիւնը եղած է վերջերս ԱՄՆ-ի մէջ «կանաչ գօտի» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս, որ ուղղուած է մարիկուանայի  (հաշիշ) օգտագործման դէմ: Սակայն Հաճեան կը նշէ, որ շատ մեծ մեղադրանք մը չէ մարիկուանայի օգտագործումը, որովհետեւ Քալիֆորնիաի մէջ տարածուած երեւոյթ է անոր վաճառքը, «մարիկուանան ընդունուած բժշկական արտադրութիւն է եւ շատ ազատ կ'օգտագործուի, եւ աւելի մեծ տարածում պիտի գտնէ 2016-ի  Յունուարէն ետք, երբ օրէնքով հաստատուի անոր հաճոյքի համար, ծխախոտի նման օգտագործելու իրաւունքը»:

Իսկ այն հարցին, թէ ինչու կառավարութիւնը նման քաղաքականաութիւն պիտի որդեգրէ հայերու դէմ, Հաճեան պատասխանեց, որ իր կարծիքով     «Ամերիկեան  մարմիններուն  նպատակը հոն  հայու ազգային գոյութեան սկսզբունքը քանդել եւ վերջացնելն է» ըսաւ  Հաճեան   նկատել տալով, որ  պետական  մարմիններ  փոխանակ գնահատեն հայերու կողմէ ամերիկեան այդ շրջաններուն մէջ ունեցած   գործարարական կարեւոր  ներդրումներն ու ձեռք բերած յաջողութիւնները     ապերախտ մօտեցում մը ցոյց կու տան հայերուն  դէմ: Հաճեան այս կապակցութեամբ կը յայտնէ նաեւ իր զարմանքը ամերիկայի  հայկական կառոյցներուն եւ հաստատութիւններուն նման հակահայ քարոզչութեան դէմ լուռ մնալնուն վերաբերեալ  եւ այդ մէկը  կը վերագրէ անհոգութեան եւ վախի:Ան կը նշէ նաեւ, որ ինք այս հարցերով  ուղղակի կամ անուղղակի ձեւերով  բազմիցս դիմած է  Հայաստանի կառավարութեան. «Բայց կարծես, թէ  իրենց ալ հոգը չէ»  եզրակացուց Պետրոս Հաճեան: