Կիտանեան նաեւ շեշտած է այս ոլորտին առընթեր համարաբական մթնոլորտ եւ գործակցութիւն կերտելու այժմէականութիւնը։
Յիշեցնենք, որ Աւետիս Կիտանեան եղած է Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար եւ այդ առումով ալ ունեցած է փայլուն գործունէութիւն եւ հիմնարար ձեռքբերումներ։
Լիբանանահայ քաղաքական շրջաներուն մէջ իր ուրոյն տեղն ու դերը ունեցած անձնաւորութիւն՝ Աւետիս Կիտանեան օրերս մասնակցութիւն բերած է Օմանի մէջ տեղի ունեցած կարեւոր համաժողովի մը։
Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Աւետիս Կիտանեանի դիմատետրեան էջէն։
Նախկին նախարարը այդ առումով ալ կատարած է կարճ գրառում մը նշելով, թէ իր համար մեծ պատիւ էր մասնակցիլ եւ խօսք մը արտասանել այս ժողովին։ Ան նաեւ կարեւորած է զբօսաշրջութեան ոլորտի յաջողութիւնը եւ այդ առումով կատարուելիք ներդրումներուն հիմնականութիւնը։
Կիտանեան նաեւ շեշտած է այս ոլորտին առընթեր համարաբական մթնոլորտ եւ գործակցութիւն կերտելու այժմէականութիւնը։
Յիշեցնենք, որ Աւետիս Կիտանեան եղած է Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար եւ այդ առումով ալ ունեցած է փայլուն գործունէութիւն եւ հիմնարար ձեռքբերումներ։
Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք Տիար Աւետիս Կիտանեանին։