image

Ռուսիոյ նաւթավերամշակման կարողութիւնները նուազած են 30 տոկոսով

Ռուսիոյ նաւթավերամշակման կարողութիւնները նուազած են 30 տոկոսով

Հոկտեմբերի վերջէն ի վեր Ուքրանիոյ վերսկսած անօդաչու թռչող սարքերու հարուածներուն հետեւանքով Ռուսիոյ նաւթամշակման կարողութիւնները նուազած են շուրջ 30 տոկոսով։ Այս մասին կը հաղորդէ Reuters գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով իր աղբիւրները։

Գործակալութեան տուեալներով՝ վերջին մէկ շաբաթուան ընթացքին արձանագրուած հարուածներուն հետեւանքով խափանուած է Ռուսիոյ 35 խոշոր նաւթամշակման գործարաններէն իննի աշխատանքը։

Միեւնոյն ժամանակ, Ապու Տապիի մէջ վերսկսած են Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ եռակողմ բանակցութիւնները։ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ բանակցութիւններու առաջին օրուան քննարկումները արդիւնաւէտ որակած է՝ նշելով, որ տակաւին մեծ աշխատանք կայ կատարելիք։ Անոր խօսքով՝ Ուաշինկթըն կը փափաքի բանակցութիւններուն մէջ ներգրաւել նաեւ եւրոպական երկիրները։

Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատարներէն մէկու պնդումով՝ Մոսկուա եւ Քիեւ մասնաւոր քննարկումներու ընթացքին որոշ ճկունութիւն կը ցուցաբերեն տարածքներու հնարաւոր փոխանակման հարցին շուրջ։