Յառաջիկայ օրերուն «Արեւելք» իր էջերուն տեղ պիտի տրամադրէ Լիբանանի Այնճար հայաւանի մէջ գործող արուեստի կեդրոնի գործունէութեան։
Յատկանշական է այն, որ ցուցասրահի հերթական գործունէութեան մասին լրատւութիւն կատարելէ բացի «Արեւելք» պիտի հրապարակէ ցուցասրահին մօտիկ եղող, ինչպէս նաեւ իրենց գործերը այդտեղ ներկայացնող արուեստագէտներու մասին տեղեկութիւններ ու նաեւ հարցազրոյցներ։
Նշենք, որ այս համագործակցութիւնը կարելի եղաւ հունաւորել շնորհիւ ցուցասրահին նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերող, բնիկ Մուսա Լեռցի (Ամերիկա հաստատուած) Տէր եւ Տիկին Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեաններու։
Տեղին է նաեւ նշել, որ համագործակցութեան գաղափարը յղացուած է վերջին ամիսներուն եւ արգասիքն է ցուցասրահի տնօրէն տիկն. Նաթալի Տէր Ստեփանեան-Քէնտիրճեանի հետ մեր խօսակցութիւններուն ու նաեւ Այնճարի յարգելի գործիչներէն Տիար Եսայի Հաւաթեանի բարեխօսութեան։
Պիտի մնանք հետեւող զարգացումներուն ու ամենակարեւորը փորձենք լուսաբանել Լիբանանի հայկական համայնքի գործունէութիւնները, իսկ այս պարագային մասնաւոր տեղ տանք Այնճար իսկական հայկական աւանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն։
«Արեւելք»ի ուղին անշեղ է եւ գաղափարը նուիրական։
Յանուն միասնական ոգիի եւ յանուն արուեստի այն շունչին, որ Մուսալեռցիք իրենց հետ բերին ու ցանեցին Այնճարի մէջ։
Ապրի՛ այդ ոգին եւ ջերմագին շնորհակալութիւն ազնիւ մեկենասներուն։