Իրաք-(«Ալ Նահար»-Պէյրութ) ISIS Ահաբեկչական խմբաւորումը նոր բարբարոսութիւն «յղացած» է: Խմբաւորումը Youtube -ի վրայ 5 րոպէ տեւող տեսագրութեամբ մը ցոյց տուած է չորս անձերու հրկիզուիլը: «Ալ Նահար» նաեւ կը հաղորդէ, որ անձերը Շիիթ Իրաքցիներ են անոնք երկաթէ օղակներով կապուած են շրջուող ցողերու վրայ մինչ անոնց տակ վառուած կրակը ողջ- ողջ հրկիզած է զիրենք: Կը կարծուի, որ դէպքը կատարուած է Ալ Անպաարի մէջ: Նշենք, որ այս ձեւը ISIS-ի վերջին «հնարքն» է իր գերիները գառագեղներու մէջ այրելէ եւ ջուրով լեցուն աւազանի մէջ խեղդամահ ընելէ ետք: Ալ Անպաար իրաքեան նահանգը Ռաքքայէն եւ Մուսէլէն ետք կը համարուի ահաբեկչական խմբաւորման կարեւորագոյն կայաններէն մէկը: