image
Հրատապ լուրեր:

Միհրան Պօղոսեանի երեք ազգականները մեղադրեալ են

Միհրան Պօղոսեանի երեք ազգականները մեղադրեալ  են

Միհրան Պօղոսեանի երեք ազգականները մեղադրեալի աթոռին են, Հակափտածութեան կոմիտէն աւարտած է քրէական վարոյթի նախաքննութիւնը: Այս մասին գրած է Լուրերը:

Պօղոսեանը՝ որպէս Դատական ակտերու հարկադիր կատարման (ԴԱՀԿ) պետ, պայմանագիր կնքած է անոնցմէ մէկու հիմնած ընկերութեան հետ, պետութեան հասցուած վնասը կը գնահատուի 9 միլիոն դրամ:

Ան նաեւ Հարկադիրի մէջ աշխատանքի ընդունած է իր քեռիի երկու որդիները, որոնք գործի չեն գացած, սակայն ստացած են ընդհանուր՝ 12 միլիոն դրամ աշխատավարձ: Երեք մեղադրեալն ալ պետութեան պատճառուած վնասը վերականգնած են: