Նիւ Եորքի Ռուզվելթի կղզիի բնակիչները յայտնած են պայթումներու ձայներու մասին։ Այս մասին յայտնած են տեղի լրատուամիջոցները։
Հրապարակուած տեղեկութեան համաձայն՝ բնակիչները յայտնած են, որ ժամը 5։45-ի սահմաններուն իրենց տուներուն մէջ երեք ցնցում զգացած են, իսկ որմանք նշած են, որ պայթումներու ձայներ յիշեցնող ձայներ լսած են։
Ինչպէս յայտնած են Նիւ Եորքի հրշէջ ծառայութենէն, վաղ առաւօտեան հաղորդում ստացած են շէնքերու ցնցումներու ու պայթումներու մասին։ Հաղորդուած է, որ միջադէպը տեղի ունեցած է Մէյն Սթրիթ 580 հասցէին վրայ՝ Ռուզվելթի կղզի տանող կամուրջէն հարաւ։
Նշուած է, որ դէպքի վայր ժամանած են հրշէջ ծառայութեան աշխատակիցներն ու ելեկտրա- եւ կազամատակարարման համար պատասխանատու Con Edison ընկերութեան ներկայացուցիչները։
Պայթումներու հետեւանքով տուժածներու մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդուած։
«Միջադէպը վերահսկողութեան տակ վերցուած է ժամը 07:08-ին: Պայթումներու եւ ցնցումներու մասին հաղորդագրութիւններու պատճառը չէ պարզուած: Con Edison-ը կ՚աշխատի վայրին մէջ»,- նշած են հրշէջ ծառայութենէն:
Con Edison-ը առայժմ չէ մեկնաբանած միջադէպը։ Իր հերթին Նիւ Եորքի ոստիկանութիւնը յայտնած է, որ պայթումներու մասին հաղորդագրութիւնները ստուգելու ժամանակ ահաբեկչութեան սպառնալիք, որեւէ վտանգաւոր նիւթ, հրդեհ կամ բռնկումներ չեն յայտնաբերուած։