«Ռոսատոմ»-ը կրնայ Երեւանի մէջ սկսիլ նախկին «Նայիրիտ» Քիմիական գործարանի տարածքի վերականգնման աշխատանքները, երբ որ հայկական կողմը համապատասխան ցանկութիւն յայտնէ, նախախորհրդատուութիւնն արդէն փոխանցուած է հայկական իշխանութիւններուն: Այս մասին ԹԱՍՍ գործակալութեան յայտնած է «Ռոսատոմ»-ի բնապահպանութեան ոլորտի պետական եւ ոլորտային ծրագիրներու իրականացման ուղղութեան տնօրէն Անտրէյ Լեպետեւ:
«Հայկական կողմի դիմումով անցեալ տարի մենք ձեռնամուխ եղանք այդ հարցի մշակման։ Երեւան կատարած այցի ընթացքին «Ռոսատոմ» պետական ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ալեքսէյ Լիխաչով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին փոխանցած է կարճ ժամանակամիջոցի մէջ իրականացուած մեծ աշխատանքի արդիւնքներու վերաբերեալ վերլուծական հաշուետուութիւն: Եւ մենք, մեր կառավարութեան համապատասխան յանձնարարականներու պարագային, հայկական կողմէն հետագայ ուշադրութեան եւ հարցման պարագային, ի հարկէ, կը զբաղինք այդ խնդրով»,-ըսած է Լեպետեւ:
Միեւնոյն ժամանակ ան ընդգծած է, որ ռուս մասնագէտները գոյքագրած են այն թափոնները, որոնք կուտակուած են նախկին քիմիական գործարանի տարածքը: