Ատրպէյճանը կը փորձէ խոչընդոտել Երասխի մէջ մետաղագործական գործարանի կառուցումը՝ թիրախաւորելով ե՛ւ սարքերը, ե՛ւ աշխատողները։ Այս մասին Երասխի մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ըսած է «Ճի Թի Պի Հոլտինկս»-ի տնօրէն Տիրան Յակոբեանը։
Տնօրէնի կարծիքով՝ Ատրպէյճանը չուզեր, որ Հայստանը տնտեսապէս հզօրանայ, իսկ գործարանը բաւականին լուրջ ներդրում պիտի ունենայ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ։
«Վստահ ենք, որ գտնւում ենք ՀՀ ինքնիշխան տարածքում, ե՛ւ մենք, ե՛ւ մեր զինուորականները հաստատակամ ենք շարունակելու։ Խուճապ չկայ, բայց, ի հարկէ, անհանգստացած ենք»,– նշած է Յակոբեանը։
Ան վստահեցուցած է, որ հաստատակամ են եւ պիտի շարունակեն գործարանի շինարարութիւնը եւ որոշակի տեխնիկական հարցեր կարգաւորելէ ու ճշդելէ ետք աշխատանքները պիտի վերսկսին։
Տիրան Յակոբեանի ներկայացմամբ՝ այս պահուն ընդհանուր աշխատողները մօտ 200 հոգի են, որոնցմէ գրեթէ 70-ը Հնդկաստանի քաղաքացիներ են:
Յակոբեանը նաեւ տեղեկացուցած է, որ նախագիծը սկսած է 2022 թուականի օգոստոսին, շինարարական աշխատանքները մեկնարկած են մօտ 2 ամիս առաջ։ Շինարարական աշխատանքները կը նախատեսեն աւարտել արդէն դեկտեմբերին, իսկ արհեստագիտական աշխատանքները` յաջորդ տարի։