Յաջորդ տարի Urals տեսակի նաւթի գինը կրնայ հասնիլ 49 տոլարի, որ կը յանգեցնէ ինչպէս Ռուսաստանի, այնպէս ալ Ղազախստանի մէջ տնտեսական աշխոյժութեան եւ բնակչութեան վճարունակութեան վերականգնման: Այս մասին Մոսկուա-Երեւան-Մինսք-Պիշքեկ-Նուր Սուլթան տեսակամուրջի ժամանակ ըսած է Կայունացման եւ զարգացման եւրասիական հիմնադրամի երկիրներու վերլուծութեան կեդրոնի ղեկավար Ալեքսէյ Քուզնեցովը:
Անոր խօսքով՝ սա կը խօսի այն մասին, որ սահմանափակումներու չեղարկումէն ետք գաղթականներու աշխատանքի պահանջարկը կրկին պիտի աճի:
«Բացի այդ, այդ գործընթացները դրական ազդեցութիւն պիտի ունենան նաեւ Հայաստանի տնտեսութեան վրայ, մասնաւորապէս, պիտի յանգեցնեն ՀՆԱ 0,5 տոկոս աճի»,-նշած է ան:
ԵԱԶԲ-ի երկիրներու վերլուծութեան կեդրոնի աւագ վերլուծաբան Կոնստանտին Ֆէոտորովը կարծիք յայտնած է, որ 2021 թուականին սեզոնային գաղթականները աստիճանաբար պիտի զբաղցնեն մշտական գաղթականներու աշխատատեղերը: