image

Նաւալնիի պատճառով՝ Ռուսիոյ դէմ նոր պատիժնե՞ր

Նաւալնիի պատճառով՝ Ռուսիոյ դէմ նոր պատիժնե՞ր

ԱՄՆ-ն կը դիտարկէ Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներ սահմանելու հնարաւորութիւնը՝ կապուած բանտին մէջ ընդդիմադիր քաղաքական գործիչ Ալեքսէյ Նաւալնիի մահուան հետ։

Այս մասին, dw.com-ի հաղորդմամբ, Սպիտակ տան մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին հաստատած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընը։

«Մենք արդէն ունինք պատժամիջոցներ, բայց մենք կը դիտարկենք լրացուցիչ պատժամիջոցներ, այո՛»,- ըսած է Պայտընը՝ պատասխանելով լրագրողներէն մէկու հարցին։ 

Նշենք, որ Պայտըն 2021-ին յայտարարած էր, որ Ալեքսէյ Նաւալնիի մահուան պարագային Ռուսիան եւ Վլատիմիր Փութինը պիտի կրեն «կործանարար հետեւանքներ»։