image

Հայաստանը Ռուսիոյ հետ կռուած չէ. Ռուբինեան

Հայաստանը Ռուսիոյ հետ կռուած չէ. Ռուբինեան

Հայաստանը որեւէ մէկուն հետ կռուած չէ, որ հաշտեցման օրակարգ ունենայ: 17 նոյեմբերին, լրագրողներուն հետ զրոյցին յայտարարած է Հայաստանի խորհրդարանի խօսնակ Ռուբէն Ռուբինեան՝ պատասխանելով հայ-ռուսական յարաբերութիւններու հարցին եւ արդեօք Նիկոլ Փաշինեան դեկտեմբերին Մոսկուա պիտի երթայ հաշտեցման օրակարգով:

Ռուբինեան վստահեցուցած է, որ Հայաստանը բոլոր հարցերը բարեկամական եւ գործընկերային մթնոլորտի մէջ՝ իրարու շահերու նկատմամբ փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ լուծելու օրակարգ ունի։

«Մենք ունենք գործընկերների հետ բարեկամաբար մթնոլորտում բոլոր հարցերը լուծելու օրակարգ՝ բնականաբար, հիմնուած ՀՀ շահերի հիման վրայ, նաեւ՝ փոխադարձ շահերի յարգման վրայ»,- ըսած է Ռուբինեան։

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած էր, որ դեկտեմբերին կը նախատեսէ երեք անգամ այցելել Ռուսիա։