ՆԱԹՕ-ն կը պատրաստուի «պաղ պատերազմ»էն ի վեր իր ամենախոշոր զօրավարժութիւնները իրականացնել։ Այս մասին յայտնած է Financial Times (FT) թերթը։
Կը սպասուի, որ «Կայուն պաշտպան» կոչուող զօրավարժութիւններուն ներգրաւուի առնուազն 41 հազար զինուորական եւ աւելի քան 50 նաւ, զօրավարժութիւններու ընթացքին պիտի իրականացուի 500-էն մինչեւ 700 թռիչք։
Կը նախատեսուի օգտագործել «իրական աշխարհագրական տուեալները՝ զօրքերու համար աւելի իրատեսական սենարներ ստեղծելու համար»։ Զօրավարժութիւններու նպատակը, ըստ հրատարակութեան, «դաշինքի անդամ երկիրներէ մէկու դէմ ուղղուած ռուսական յարձակումը ետ մղելու փորձ մշակելն է»։
Զօրավարժութիւնները ՆԱԹՕ-ի կողմէ կը դիտուին որպէս «Մոսկուային դաշինքի՝ պատերազմի պատրաստակամութեան ցուցադրում»:
Financial Times-ի տուեալներով՝ զօրավարժութիւնները տեղի պիտի ունենան Գերմանիոյ, Լեհաստանի եւ Պալթեան երկիրներուն մէջ՝ 2024 թուականի փետրուարին եւ մարտին։ Զօրավարժութիւններուն, ՆԱԹՕ-ի 31 երկրէն բացի, պիտի մասնակցի Շուէտը, որ դեռ կը սպասէ Թուրքիոյ եւ Հունգարիոյ կողմէ դաշինք մտնելու հաստատման։