image

ՆԱԹՕ-ն կը մշակէ ներխուժումը ՀԱՊԿ երկիրներ. Շոյկու

ՆԱԹՕ-ն կը մշակէ ներխուժումը ՀԱՊԿ երկիրներ. Շոյկու

ՆԱԹՕ-ն կը մշակէ ներխուժումը ՀԱՊԿ երկիրներ. օդային տարածքին մէջ սադրանքներու թիւը կ՚աճի։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկուն ՀԱՊԿ անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու կոմիտէի նիստին:

Անոր խօսքով՝ ՀԱՊԿ երկիրներու համար անմիջական սպառնալիք է «ՆԱԹՕ-ի շարունակուող ընդարձակումը»:

«Հաւաքական անվտանգութեան գօտիի հիւսիսային եւ արեւմտեան սահմանագիծերու մէջ կը մեծնայ դաշինքի ռազմական ներկայութիւնը, կը տեղակայուին սպառազինութեան նոր համակարգեր։ Կ՚աճի օդային տարածքի մէջ սադրանքներու թիւը, տեղի կ՚ունենան բազմաթիւ զօրավարժութիւններ, որոնց ընթացքին կը մշակուի նաեւ ներխուժման ծրագրեր՝ ՀԱՊԿ երկիրներու տարածք», -ըսած է Շոյկուն։

Ան աւելցուցած է, որ Արեւմուտքի քաղաքականութիւնը կը յանգեցնէ ՀԱՊԿ պատասխանատւութեան գօտիին մէջ իրավիճակի վատթարացման։

Ատոր հիմնական պատճառներէն ան համարած է շարք մը երկիրներու, առաջին հերթին՝ ԱՄՆ-ի, Մեծ Բրիտանիոյ եւ Եւրոմիութեան քաղաքականութիւնը, որ ուղղուած է միջազգային անվտանգութեան համակարգի տապալման։

«Ակնյայտ է Եւրասիական տարածաշրջանը աշխարհաքաղաքական դիմակայութեան թատերաբեմ դարձնելու փորձը։ Այդ նպատակին հասնելու համար կ՚օգտագործուի միջոցներու ամենալայն զինանոցը, ներառեալ անկախ պետութիւններու ներքին գործերուն ուղղակի միջամտութիւնը, քաղաքական ճնշումը, սպառնալիքները, ապօրինի պատժամիջոցները եւ այլ միջոցներ», -ըսած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը։

Արեւմուտքի տնտեսական ճնշումներու լոյսին տակ, Շոյկուի դիտարկմամբ, ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու համար աւելի արդիական կը դառնայ ֆինանսական անվտանգութեան ապահովումը։