Նախագահ Թրամփը կը կարծէ, որ պատերազմի ձեռքբերումները կրնան օգտագործուիլ մեր կենսական շահերը պահպանող համաձայնագիր կնքելու համար, յայտարարած է Նաթանիահուն։
Նեթանյահուն նշած է, որ Իսրայէլի կենսական շահերը պիտի պաշտպանուին որեւէ համաձայնագրով։
«Այսօր աւելի վաղ խօսեցայ մեր ընկերոջ՝ նախագահ Թրամփի հետ։ Ան կը կարծէ, որ կարելիութիւն կայ օգտագործելու Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի եւ ԱՄՆ զինուած ուժերու նուաճումները՝ պատերազմի նպատակներուն հասնելու համար՝ համաձայնագրի միջոցով, որ պիտի պաշտպանէ մեր կենսական շահերը։
Միեւնոյն ժամանակ, մենք կը շարունակենք հարուածել Իրանն ու Լիբանանը։ Մենք մեթոտաբար կ՚ոչնչացնենք անոնց հրթիռային եւ միջուկային ծրագիրները եւ կը շարունակենք լուրջ հարուածներ հասցնել «Հըզպալլա»-ին։
Ընդամէնը քանի մը օր առաջ սպաննեցինք եւս երկու միջուկային գիտնական, եւ մեր ձեռքը տակաւին բարձրացած է։
Մենք պիտի պաշտպանենք մեր կենսական շահերը որեւէ համաձայնագրով»,– յայտարարած է Իսրայէլի վարչապետը։