Տիգրան Արզաքացեանի կինը` Նաթալիա Ռոթէնպըրկը մտադիր է առաջադրուելու Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն «Ուժ հայրենեաց» կուսակցութենէն:
«Կուսակցութիւնը որոշում կայացուցած է, որ նախընտրական ցուցակը գլխաւորեմ ես, եւ այդ մեծ պատասխանատուութիւն է ինծի համար: Հիմա ես կ'ուսումնասիրեմ, թէ ինչի կարիք ունի Երեւանը,¬ ինչ անհրաժեշտ է ընել Երեւանի մէջ, ես կ'ուսումնասիրեմ Երեւանի գործող իշխանութեան ծրագիրը», ըսած է Նաթալիա Ռոթէնպըրկը:
Յիշեցնենք, որ 2022 թուականի Մարտին Տիգրան Արզաքանցեանը կնոջ` Նաթալիա Ռոթէնպըրկի հետ հիմնած է «Հայրենիքի ուժ» կուսակցութիւնը: