Պայթում մը որոտացած է Նիւ Եորքի մէջ, որուն ճիշդ վայրն ու հանգամանքները կը մնան անորոշ: Այս մասին լուրը տրուեցաւ «Ռօյթըրզ» լրատուականին կողմէ, որ նաեւ յաւելեց, թէ ապահովական մարմիններ ստիպուած եղած են Մեթրոյի մի քանի կայարաններ փակել եւ ստիպել քաղաքացիներուն արագօրէն դուրս գալ գետնուղիներէն:
Կը սպասուին լրացուցիչ տեղեկութիւններ: