image

Հայաստան դարձեալ մեծագումար վարկ պիտի վերցնէ

Հայաստան դարձեալ մեծագումար վարկ պիտի վերցնէ

Հայաստանը դարձեալ 50 միլիոն եւրօ վարկ պիտի վերցնէ որպէս պիւտճէի աջակցութիւն։ ՀՀ կառավարութեան 15 նոյեմբերի նիստին հաւանութիւն տրուեցաւ ՀՀ–ի եւ ՕՓԵՔ–ի (Նաւթ արտահանող երկիրներու կազմակերպութիւն) միջազգային զարգացման հիմնադրամի միջեւ «Կանաչ, դիմակայուն եւ ներառական զարգացման 2–րդ ծրագիր» վարկային համաձայնագիրի վաւերացման։

Համաձայնագիրը ստորագրուած է  12 նոյեմբեր,  2024-ին։

«Ծրագրի նպատակն է խթանել Հայաստանում կանաչ, դիմակայուն եւ ներառական զարգացումը՝ նպաստելով կլիմայի փոփոխութեան մեղմացմանն ու յարմարուողականութեանը, բարելաւելով շրջակայ միջավայրի կառավարումը եւ էներգաարդիւնաւէտութիւնը, խթանելով մարդկային կապիտալի (դրամագլուխի) զարգացումը, ինչպէս օրինակ` Լեռնային Ղարաբաղի փախստականների նոր խոցելի խմբի կարիքների աջակցութիւնը»,– ըսուած է որոշման հիմնաւորման մէջ։

Ստորագրուած վարկային համաձայնագիրը, որ ՀՀ պետական պիւտճէի համար կ'առաջացնէ լրացուցիչ ֆինանսական պարտաւորութիւններ, պիտի ներկայացուի ՀՀ սահմանադրական դատարան` Սահմանադրութեան համապատասխանութիւնը որոշելու նպատակով: Սահմանադրական դատարանի մէջ ՀՀ կառավարութեան ներկայացուցիչ նշանակուած է Ելեւմուտի նախարարի տեղակալ Էտուարտ Յակոբեան:

Սահմանադրական դատարանէն յետոյ, ըստ ընթացակարգի, համաձայնագիրը պիտի ներկայացուի Ազգային ժողովի քննարկման։

Յիշեցնենք, որ 31 օգոստոս, 2024-ի դրութեամբ ՀՀ պետական պարտքը կազմած է 4 թրիլիոն 830,3 միլիառ դրամ։