image
Հրատապ լուրեր:

Նախագահ Թրամփ ճիշդ է՝ անհրաժեշտ է սահմանափակել ռուսական նաւթի եւ կազի գնումը. Զելենսքի

Նախագահ Թրամփ ճիշդ է՝ անհրաժեշտ է սահմանափակել ռուսական նաւթի եւ կազի գնումը. Զելենսքի

Վլատիմիր Զելենսքի յայտնած է, որ միայն սեպտեմբերի սկիզբէն ի վեր ռուսական ուժերն աւելի քան 1300 անօդաչու թռչող սարք, գրեթէ 900 օդային ռումբ եւ մինչեւ 50 տարբեր տեսակի հրթիռներ արձակած են Ուքրանիոյ ուղղութեամբ: Վերջին օրերուն հարուածներ հասցուած են Խարքովին, Օտեսային, Խերսոնին, Քիեւին, Զապորոժիէին, Լվովին եւ այլ բնակավայրերու:

Անոր խօսքով՝ այս գիշեր եւս թիրախաւորուած է երկրի քաղաքացիական ենթակառուցուածքը: «Ռուսիա կը շարունակէ ձգձգել պատերազմը՝ դիւանագիտութիւնը վերածելով բացայայտ զաւեշտի:

Նախագահ Թրամփ ճիշդ է՝ անհրաժեշտ է սահմանափակել ռուսական նաւթի եւ կազի գնումը», - նշած է Ուքրանիոյ նախագահը: Զելենսքին կոչ ըրած է գործընկերներուն ուժեղացնելու հակառուսական պատժամիջոցները եւ անվտանգութեան երաշխիքներ տրամադրելու Ուքրանիոյ: Զուգահեռ՝ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ յայտնած է, որ անցեալ գիշեր ուքրանական ուժերը թիրախաւորած են Սմոլենսքի, Պրեանսքի, Պելկորոտի, Քալուկայի մարզերը եւ Քրասնոտարի երկրամասը: Ոչնչացուած է 34 անօդաչու թռչող սարքեր: Պելկորոտի մարզին մէջ յայտնի է զոհերուն  մասին: