Վեհափառ Հայրապետը, որ ընդունուած է Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի պատասխանատուներու, ինչպէս նաեւ թաղային մարմիններու կողմէ շրջած է հայկական թաղամասերէն ներս, ծանօթացած բնակիչներու խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ իր հայրական խօսքն ըսած եւ նուէրներ բաժնած շրջանի կարիքաւոր բնակիչներուն։
Իւրայատուկ եւ իրական հովիւի քայլով մը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս տօնական օրերու առթիւ այցելութիւն տուած է Պուրճ Համուտի հայաշատ թաղամասեր։
Վեհափառ Հայրապետը, որ ընդունուած է Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի պատասխանատուներու, ինչպէս նաեւ թաղային մարմիններու կողմէ շրջած է հայկական թաղամասերէն ներս, ծանօթացած բնակիչներու խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ իր հայրական խօսքն ըսած եւ նուէրներ բաժնած շրջանի կարիքաւոր բնակիչներուն։
Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ առթիւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի դիմատետրի էջին վրայ տեղ գտած լրատւութիւնը։
Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, Ազգային վարչութեան փոխ ատենապետ, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեանի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեանի այցելեց Արագած շրջանի քաղաքապետութեան թիւ 196 հողաշերտի վրայ բնակող ընտանիքներուն:
Արագած շրջանի «Դրօ» ակումբի մուտքին Վեհափառը դիմաւորուեցաւ շրջանի կոմիտէին, միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ ժողովուրդին կողմէ, ապա ուղղուեցաւ թիւ 196 հողաշերտ, ուր այցելեց հայորդիներու բնակարանները եւ մօտէն ծանօթացաւ անոնց կացութեան:
Վեհափառ Հայրապետը օրհնեց շրջանի հայորդիները, գնահատեց անոնց հաւատքն ու վճռակամութիւնը եւ վստահեցուց, որ եկեղեցին՝ յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, ամէն իմաստով զօրավիգ կը կանգնի իրենց՝ իր կարելիութեան սահմաններէն ներս օգտակար դառնալով անոնց կարիքներուն։
Ապա Վեհափառը այցելեց «Դրօ» ակումբ: Շրջանի կոմիտէի հերթապահ Պօղոս Գազէզեան կոմիտէութեան եւ ժողովուրդին անունով շնորհակակութիւն յայտնեց վեհափառին այս այցելութեան եւ շրջանի բնակչութեան իր ցուցաբերած հայրական գուրգուրանքին եւ հետեւողական զօրակցութեան համար: Արամ Ա. կաթողիկոս իր Հայրական պատգամը փոխանցեց շրջանի ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ գնահատեց տագնապալի այս օրերուն շրջանին մէջ ի գործ դրած՝ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, Ազգային առաջնորդարանի, լիբանանահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ կառոյցներու օժանդակութեան ճիգերը:
Հանդիպումին ներկաները իրենց խոր երախտագիտութիւնը յայտնեցին Արամ Ա․ կաթողիկոսին, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան օժանդակութեան աշխատանքին լծուած բոլոր կառոյցներուն:
Իր այցելութեան աւարտին, Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի առիթով Վեհափառ Հայրապետը շրջանի օժանդակութեան պատասխանատու՝ «Դրօ» կոմիտէի ճամբով, նուէրներ փոխանցեց ընտանիքներուն: