image
Հրատապ լուրեր:

Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքը Պաապտայի պալատէն՝ «Մենք պատրաստ ենք աշխատելու եւ զոհողութեան, որպէսզի Ձեր նախագահական նստաշրջանը յաջողութեամբ պսակուի»

Ն.Ա.Գ.Տ.Տ.  Ռաֆայէլ Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքը Պաապտայի պալատէն՝ «Մենք պատրաստ ենք աշխատելու եւ զոհողութեան, որպէսզի Ձեր նախագահական  նստաշրջանը յաջողութեամբ պսակուի»

Այսօր  առաւօտեան Պաապատյի նախագահական պալատ  հասած  Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս Պատրիարքը իր  շնորհաւորութիւնները  փոխանցած է  Լիբանանի նորընտիր նախագահ  Ժոզէֆ Աունին։

Շուրջ մէկ ժամ տեւած մտերմիկ զրոյցի ընթացքին   խօսքեր փոխանակուած են  եւ այդ առումով Հոգեւոր ՏԷր  Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքը նշած է՝ «Մենք պատրաստ ենք զոհողութեան յանուն  Լիբանանին  եւ յանուն ձեր  նախագահական նստաշրջանի յաջողութեան»։

Իր կարգին  նախագահ Աուն պատասխանելով Հոգեւոր Տիրոջ վեր առած է Լիբանանի համայնքներու ներկայացուցած արժէքն ու ներուժը  եւ այդ առումով ըսած ՝«Լիբանանը հարուստ է իր բոլոր զաւակներով, ինչ համայնքի ալ պատկանին  անոնք եւ ի հարկէ  պէտք է  բոլորանուէր  ճիգեր  գործադրուին եւ հաշուի առնուի մեր երկրի տարբեր համայնքներուն ներկայութիւնն ու աշխարհով մէկ տարածուած ուժը»։

Հանդիպման Հոգեւոր Տէր քրիստոնէական արժէքներ ներկայացնող նուէր մը տրամադրած է նախագահին, եւ աւարտին պատուիրակութեան  անդամներուն հետ միատեղ առնուած է  պաշտօնական լուսանկար մը։

Նշենք, որ պատուիրակութեան մաս կազմած են Հայ Կաթողիկէ Պէյրութի պատրիարքական թեմի Առաջնորդ Գերյ. Տ. Գրիգոր եպս. Պատիշահը, միաբան հայրեր, ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի հանրայայտ գործիչներ։