image
Հրատապ լուրեր:

Մոսկուայի ու Պաքուի ստորագրած հռչակագիրը չի հակասեր Հայաստանի հետ դաշնակցային յարաբերութիւններուն. ՌԴ ԱԳՆ

Մոսկուայի ու Պաքուի ստորագրած հռչակագիրը չի հակասեր Հայաստանի հետ դաշնակցային յարաբերութիւններուն. ՌԴ ԱԳՆ

Հռչակագիրը, որ ստորագրած են Ռուսաստանի առաջնորդն ու Ատրպէյճանի նախագահը, չի ստեղծեր խնդիրներ Հայաստանի հետ ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններուն համար, յայտնած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիայ Զախարովան:

Անոր խօսքով` Մոսկուան կը պահպանէ բոլոր պարտաւորութիւնները Երեւանի նկատմամբ, որ Ռուսաստանի վաղեմի եւ մտերիմ դաշնակիցն է:

«Մենք համոզուած ենք, որ Պաքուի հետ վերոնշեալ հռչակագրի ստորագրումը թոյլ պիտի տայ ամրապնդելու Հայաստանի, Ատրպէյճանի ու Ռուսաստանի միջեւ եռակողմ փոխգործակցութիւնը», ըսած է Զախարովան:

ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչը յաւելած է, որ, հաշուի առնելով տարածաշրջանին մէջ փոփոխուած աշխարհաքաղաքական իրողութիւնները, Ռուսաստանը անդադար կը թարմացնէ երկկողմանի պայմանագրաիրաւական խարիսխը Հայաստանի հետ, որ ներկայիս բաղկացած է շուրջ 200 փաստաթուղթէ:

Զախարովայի հաւաստմամբ` Ռուսաստանի առաջնորդին եւ Ատրպէյանի նախագահին միջեւ ստորագրուած փաստաթուղթը ուղղուած է տարածաշրջանային անվտանգութեան ամրապնդման:

«Ինչ կը վերաբերի ղարաբաղեան կարգաւորման ու հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու բնականոնացման, ապա հռչակագրին մէջ Ատրպէյճանի հետ դաշնակցային փոխյարաբերութիւններու մասին կայ դրոյթ, որ կողմերը կրնան միասնաբար նպաստել 2020-ի Նոյեմբեր 9-ին Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ 2021-ի Յունուար 11-ին ու Նոյեմբեր 29-ին ստորագրուած յայտարարութիւններու դրոյթներու իրագործման», նշած է Զախարովան:

Անոր խօսքով` 10-րդ դրոյթին մրջ նշուած է, որ կողմերը կը համագործակցին աւելի վաղ ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւններէն բխող խնդիրներու լուծման գործին մէջ, եւ սերտ կը համագործակցեն տարածաշրջանի պետութիւններուն միջեւ երկարաժամկէտ խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ: