image

Մոսկուան պատրաստ է նպաստել Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման

Մոսկուան պատրաստ է նպաստել Երեւանի եւ Անգարայի  միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման

«Մոսկուան հետագային եւս պատրաստ է նպաստել Երեւանի եւ Անգարայի յարաբերութիւններու բարելաւման», - այսօր Մոսկուայի մէջ կայացած ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ՝ Մարիա Զախարովան։

«Մենք արձանագրեցինք վերջերս Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ տեղի ունեցած դրական ազդակներու փոխանակումը, արձանագրեցինք այն առումով, որ նկատած ենք զանոնք եւ ի գիտութիւն ընդունած», -յայտարարած է Ռուսաստանի դիւանագիտական գերատեսչութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը։

«Մենք հիմա ալ պատրաստ ենք ամէն կերպ նպաստել երկու հարեւան պետութիւններու մերձեցման գործընթացին, որ հիմնուած կ'ըլլայ փոխադարձ յարգանքի եւ իրարու շահերը հաշուի առնելու սկզբունքներու վրայ», - նշած է Զախարովան։