image
Հրատապ լուրեր:

Մոսկուա-Երեւան թռիչքը ծեծկռտուքի պատճառով անակնկալ վայրէջք կատարած է

Մոսկուա-Երեւան թռիչքը ծեծկռտուքի պատճառով անակնկալ վայրէջք կատարած է

Մոսկուայէն դէպի Երեւան թռչող օդանաւը անակնկալ վայրէջք կատարած է Սամարայի մէջ՝ թռիչքի ժամանակ տեղի ունեցած վիճաբանութեան պատճառով։ Այս մասին տեղեկացուցած է ՌԴ ՆԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Իրինա Վոլքը:

Օդանաւի ուղեւորներէն մէկը գինով վիճակի մէջ վիճաբանութիւն սկսած է միւս ուղեւորներու հետ եւ հայհոյանքներ հնչեցուցած անոնց հասցէին։

Օդանաւի հրամանատարը որոշած է վայրէջք կատարել Սամարայի օդակայան։ Դէպքի վայր ժամանած ոստիկանութեան աշխատակիցները բերման ենթարկած են ծեծկռտուք սկսող ուղեւորը եւ տեղափոխած հերթապահ մաս։ Անոր նկատմամբ վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ արձանագրութիւններ կազմուած են, յայտնած է MIA Media-ն։