Օրերս Մոնթրէալի մէջ իր մահկանացուն կնքած է հայկական համայնքի յարգուած անձնաւորութիւններէն, ՀԲԸՄ-ի շրջանակներուն քաջածանօթ անուն հանդիսացող՝ Ասլան Սարգիսեան։
Այս առթիւ անոր դուստրը՝ Թէնի Սարգիսեան (անգլերէն լեզուով) ներկայացուցած է կարճ մահագրական մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Հայրիկս ՝Ասլան Յարութիւն Սարգիսեան ծնած է 5 Ապրիլ 1949-ին Գահիրէ Եգիպտոս: Ան որդին է Ատրինէ Պալեանի եւ Արտօ Սարգիսեանի:
Ան յաճախած է Գալուստեան հայկական դպրոցը, ապա St George քոլէճը, ուսանած է ռատիոյի նորոգութիւն ու ելեկտրոնային յատակագիծերու ձեւաւորում Գահիրէի Ռատիօ եւ հեռատեսիլի հիմնարկէն ներս:
20 Մայիս, 1970-ին փոխադրուած է ծնողներուն եւ քրոջը՝ Նարկիզին հետ Մոնթրէալ Գանատա, երբ 21 տարեկան էր:
Հայրս իր մանկութեան շատ չարաճճի եղած է: Ան յաճախ կը պատմէր իր չարութիւններուն մասին, թէ ինչպէս անգամ մը ոչխարի մը վրայ նստած ու ձիու պէս վարած «խեղճ» ոխարը: Թէ ինչպէս 16 տարեկանին գաղտնի վարձած է հեծանիւ ու արկածի ենթարկուած: Ան միշտ առանձին ուզած է ճամբորդել Աղեքսանդրիա այցելելու իր մեծ մօրն ու հարազատներուն։
Պատանեկութեան սիրած է խաղալ ոտնագնդակ ու պասքէթպոլ, նաեւ բինկ-բոնկ գաղութի ակումբէն ներս: Իր մեծ սէրը սակայն շարժանկար դիտելն էր, մանաւանդ դասականները: Մենք ալ այդ շարժանկարներու ազդեցութեան տակ մեծցած ենք: Հայրիկս նաեւ կենդանասէր էր, եւ ես իմ սէրս հանդէպ կենդանիները իրմէ ստացած եմ... իր անունն ալ կը նշանակէ առիւծ...Ան շատ ընկերասէր մարդ էր, նոր ընկերներու կը ծանօթանար, ուր որ երթար եւ միշտ պատրաստ էր օգնելու բոլորին:
Մայրիկիս ՝Լիւսի Ճէրճէրեանին հանդիպած է Բարեգործականին մեծ ընտանիքին մէջ։ Անոնք 6 ամիս ետք նշանուած ու անկէ 6 ամիս ետք ալ ամուսնցած 1 Յուլիս, 1978ին: 1981-ի Փետրուարին ծնած է անոնց առաջին դուստրը՝ ես, իսկ երկրորդը՝ Ալիտան ծնած է 1987-ի Յունիսին։
Մեր մօր օգնութեամբ ան սկսած է իր սեփական գործը՝ «Les distribuss S.A.L.T» մեր տան գետնայարկը պահեստանոցի վերածելով, ապա մեծցուցած է գործը ու բացած Բենիամին-Հուտոնի վրայ գտնուող պահեստանոցը:
Ան կը պարծենար իր թոռնիկներով, Նոյ Վրէժ, Ալեք Սարգիսը իր ժառանգութիւնն են ։ Կը սիրէր թոռները իր ամբողջ էութեամբ եւ այնքան հպարտ էր, որ անոնց «տէտէ Ասլան»ն է:
Ես կ'ուզեմ նաեւ յիշել մայրս, որ հեռացած է կեանքէն 7 տարի առաջ: Հայրիկս երբեք չկրցաւ յաղթահարել կնոջ կորուստի ցաւը: Ես վստահ եմ, որ անոնք հիմա միասին են եւ կրկին կը կատակեն:
Հօրս կորուստը անակնկալ էր, բոլորս տակաւին ցնցուած ենք: Ան սիրուած զաւակ էր, եղբայր, զարմիկ, ամուսին, հայր, հօրեղբայր եւ մեծ հայր: Բոլորս պիտի կարօտնանք քեզի հայրիկ: