Մոլտովայի մայրաքաղաք Քիշնեւի մէջ «Շարժում ժողովուրդի համար» շարժման կազմակերպած զանգուածային բողոքի ցոյցերը, որոնց ընթացքին տասնեակ մասնակիցներ բերման ենթարկուած են, պաշտօնապէս աւարտած են. ընդդիմութիւնը բանաձեւ ընդունած է, որով կառավարութենէն պահանջած է վճարել ջեռուցման ու ելեկտրականութեան վարձավճարները։ Այս մասին հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոստին»։
«Կը պահանջենք, որ իշխանութիւնները վճարեն երկրի բոլոր քաղաքացիներու կազի, ելեկտրականութեան եւ ջեռուցման վարձավճարները ձմրան երեք ամսուան համար: Սա մեր վերջնական պահանջն է: Կառավարութեան կու տանք 24 ժամ մեր պահանջները կատարելու համար», - յայտարարած է «Շոր» կուսակցութեան փոխնախագահ Մարինա Թաուպերը։
Բացի այդ, բողոքի ցոյցի մասնակիցները նաեւ կոչ ըրած են երկրի առաջին դէմքերուն՝ նախագահ Մայա Սանտուին, խորհրդարանի խօսնակ Իկոր Կրոսին եւ վարչապետ Տորին Ռեչանին, հրաժարելու ռազմատենչ հռետորաբանութենէ։
Ցուցարարները որոշած են բանաձեւի բնագիրը փոխանցել գործադիր իշխանութեան, ուստի շարասիւնը շարժած է դէպի Կառավարութեան շէնք, սակայն ոստիկանները կրկին կանգնեցուցած են ցոյցի մասնակիցները։ Այնուամենայնիւ, Թաուպերին յաջողած է կառավարութեան փոխանցել բանաձեւը։
«Շարժում ժողովուրդի համար» շարժումը բողոքի ցոյցերը վերսկսած է փետրուարի կէսերէն։ Կիրակի օրուան ցոյցին մասնակցած էին քաղաքացիներ երկրի բոլոր շրջաններէն, սակայն կազմակերպիչները յայտնած են, որ շատերը չեն կրցած հասնիլ մայրաքաղաք, քանի որ ոստիկանները կանգնեցուցած էին Քիշնեւ եկող հանրակառքերը։
Բողոքի ցոյցերու մասնակիցները կը պահանջեն նախագահ Մայա Սանտուի հրաժարականն ու գնաճի դադրեցումը։ Ցոյցին շատերը եկած էին «Ամօ՛թ», «Դադրեցուցէք գնաճը», «Արժանապատիւ կեանք կ'ուզենք», «Մի փակէք մեր բերանը դատախազութեան միջոցով», «Կը պահանջենք նախագահ Մայա Սանտուի հրաժարականը» գրութիւններով պաստառներով։