image

Մտաւորական Յակոբ Չոլաքեանի այցը՝ Այնճար

   Մտաւորական Յակոբ Չոլաքեանի այցը՝ Այնճար

 Այնճարի մշակութային ոլորտի պատասխանատուներ օգտուելով հանրահայտ մտաւորական, արմատներով՝ Քեսապէն ՝ Դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանի Լիբանան գտնուելէն կազմակերպած են  հանդիպում-երեկոյ մը, որուն ընթացքին ալ խօսք առած է Չոլաքեան։

 

 Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Այնճարի Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝ 

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան, Երեքշաբթի 20 Դեկտեմբեր, 2022-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ Մուսալերան եւ Քէսապի մասին հանդիպում-զրոյց մը,ազգագրագէտ դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանի հետ,«Ս. Զէյթլեան» կեդրոնէն ներս:

Ընկ. Եսայի Հաւաթեան ներկայացուց դոկտ. Չոլաքեանը, անոր գործերը, եւ հրաւիրելով զայն փոխանցեց թէ ան պիտի ներկայացնէ Անտիոքի շրջանի հայութեան անցեալը, անոնց ունեցած հիմնական դերակատարութեան եւ մինչեւ օրս այդ շրջանին մէջ գոյատեւող հայկական բնակավայրերուն մասին:

Յակոբ Չոլաքեան հաստատեց թէ հայերը Քրիստոսէ առաջ այդ շրջանին մէջ ներկայ եղած են, ունեցած են հարիւրաւոր գիւղեր։ հոն զարգացած է բառբարը որ «քիսդընըկ» կը կոչուի ,որ նաեւ Մուսալերան,Քէսապի եւ շրջակայ գիւղերուն բառբարն է:

Ան պատմական փաստերով,հիմնուելով նաեւ աւանդութիւններու  վրայ ,փորձեց հաստատել թէ հայերը չեն եկած հոն Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն ետք,այլ շատ աւելի կանուխէն հոն ներկայ եղած են, ունեցած են իրենց սրբավայրերը, բերդերը եւ իշխանները: Եւ այդ շրջանի լեռները, մանաւանդ Սեւ լեռները որուն մէջն է նաեւ Կարմիր եւ Մուսա լեռը, եղած են  քրիստոնեաներու ճգնաւորներու շրջան մը, ուր ամէն ազգերէ՝ նոյնիսկ վրացիներ,ասորիներ եւ հայեր,հոն եկած են ճգնելու:

Աւարտին՝ Չոլաքեան անդրադարձաւ վերջին 100 տարիներուն շրջանի ժողովրդական պատկերին մէջ եղած փոփոխութիւններուն մասին , այդ շրջանին մէջ տակաւին գոյատեւող Մուսալերան Մաքըֆ գիւղին, Քեսապի գիւղերուն ,Ղնէյմիէ եւ Եաքուպիէ գիւղերուն մասին:

Ապա ան պատասխանեց ներկաներու բոլոր հարցումներուն,անդրադառնալով թէ բարբառային առանցնայատկութիւններու , թէ պատմական փաստերու,թէ նաեւ հնագիտական նիւթերու:

Դասախօսութիւնը շատ հարուստ էր եւ փաստագրական,որ մեծապէս բաւարարեց ներկաները:

Այնճար  հայաւանին  հանրայայտ  դէմքերէն՝ Եսայի Հաւաթեան 

 

 

Գլխաւոր լուսանկարին մէջ  Յակոբ Չոլաքեան եւ Այնճարի Հայ Կաթողիկէ համայնքի   նուիրեալ  հոգեւոր  հովիւ՝  Հ. Մեսրոպ վրդ. Թօփալեան, որ իր նորատիպը  (Նուիրուած   արեւմտահայ մեագոյն  բանաստեղծ Դ. Վարուժանի վաստակին)  կը նուիրէ   դոկտ. Չոլաքեանին։