Այսօր՝ մարտ 2-ին, տեղի ունեցած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Սեյիտ Ապպաս Արաքչիի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հեռախօսազրոյցը: Այս մասին յայտնած են ՀՀ-ի մէջ Իրանի դեսպանութենէն:
«Զրոյցի ընթացքին Արաքչին, անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու եւ սիոնիստական ռեժիմի կողմէ բանակցութիւններու ընթացքին Իրանի դէմ իրականացուած անօրինական եւ արդարացում չունեցող յարձակման, ընդգծած է, որ Իրանը կը գտնուի լայնածաւալ պատերազմի մէջ։
Ան նշած է, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնն, ի պատասխան այս անհանդուրժելի յարձակման, թիրախաւորած է բռնագրաւուած տարածքներն ու տարածաշրջանին մէջ ամերիկեան ռազմակայանները:
Իրան պատրաստ է շարունակելու ինքնապաշտպանութիւնն այնքան, որքան անհրաժեշտ պիտի ըլլայ, ինչպէս նաեւ վրէժ լուծելու իր նահատակ առաջնորդի արեան համար։
Միրզոյեան այս զրոյցի ընթացքին իր ցաւակցութիւնը յայտնած է Գերագոյն առաջնորդի, ինչպէս նաեւ իրանցի շարք մը քաղաքացիներու, կանանց եւ երեխաներու նահատակութեան կապակցութեամբ։
Ան նաեւ յայտարարած է Հայաստանի պատրաստակամութեան մասին՝ այս պայմաններուն մէջ անհրաժեշտ որեւէ մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու ուղղութեամբ յոյս յայտնելով, որ ստեղծուած իրավիճակը դիւանագիտական հանգուցալուծում պիտի ստանայ»: