image
Հրատապ լուրեր:

Մինչեւ պատերազմի աւարտ. Թուրքիա արգելք դրած է ռազմանաւերու դէմ

Մինչեւ պատերազմի աւարտ. Թուրքիա արգելք դրած է ռազմանաւերու դէմ

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտնած է, որ Թուրքիան թոյլ պիտի չտայ պատերազմի մէջ գտնուող երկիրներուն ռազմանաւերու մուտքը Սեւ ծով` համաձայն միջազգային իրաւունքի:

«Մենք պիտի կատարենք Մոնթրոյի ուխտը,  թոյլ պիտի չտանք, որ ռազմանաւերը մտնեն Սեւ ծով», ընդգծած է Աքարը:

Մոնթրոյի ուխտը ընդունուած է 1936-ին: Այն թրքական իշխանութիւններուն կը լիազօրէ արգելափակել Պոսֆորի եւ Տարտանելի նեղուցներով Միջերկրական ծովէն դէպի Սեւ ծով անցնող այն երկիրներու ռազմանաւերուն մուտքը, որոնք կը գտնուին պատերազմական վիճակի մէջ: