image

Միջազգային յարաբերութիւններու մէջ կը գերակշռէ ուժը. Ալիեւ

Միջազգային յարաբերութիւններու մէջ կը գերակշռէ ուժը. Ալիեւ

Այսօր միջազգային յարաբերութիւնները կը մտնեն նոր փուլ. ցաւօք, այս փուլին այլեւս կը գերակշռէ ոչ թէ օրէնքի գերակայութիւնը, այլ ուժի գերակայութիւնը: Մենք սա յստակ կը տեսնենք աշխարհի տարբեր տարածաշրջաններու մէջ, յայտարարած է Իլհամ Ալիեւը Տաւոսի մէջ Euronews-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ:

«Որեւէ երկիր, այդ շարքին՝ Ատրպէյճանը, պէտք է մտածէ իր հարեւան երկիրներու մէջ կայունութեան մասին: Ատրպէյճանի հետ կապուած, մենք չունինք որեւէ հնարաւոր վտանգ երկրին մէջ: Բոլոր հնարաւոր վտանգները հնարաւոր են դուրսէն: Մենք մտահոգուած էինք Իրանի մէջ տիրող անկայունութենէն եւ մեզի համար կայունութիւնը, կանխատեսելիութիւնը եւ խաղաղութիւնը տարածաշրջանին մէջ շատ կարեւոր է», -ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը:

Ան նշած է, որ ուժանիւթի շուկային մէջ նաւթի գինը կայուն է:

«Այն պատշաճ մակարդակի վրայ է եւ այդ ցոյց կու տայ, որ իրավիճակն Իրանի, Վենեզուելայի եւ այլ երկիրներու մէջ լրջօրէն չազդեր գիներուն: Յոյսով եմ, որ իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ եւ անկէ դուրս չի վատթարանար», - նշած է Ալիեւը:

Անոր խօսքով՝ Ատրպէյճանը բնական կազ կը մատակարարէ արդէն 16 երկիր եւ անոնցմէ 10-ն Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներ են եւ այս ցուցանիշերով Ատրպէյճանը կազի թիւ մէկ  մատակարարն է աշխարհի մէջ: