image
Հրատապ լուրեր:

Միջանցքի հարցով տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի պահպանումը կարեւոր է. Փեզեշքիանը՝ ատրպէյճանական ալիքին

Միջանցքի հարցով տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի պահպանումը կարեւոր է. Փեզեշքիանը՝ ատրպէյճանական ալիքին

Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանային եւ տարածքային հարցերը պիտի լուծուին այն ժամանակ, երբ երկու երկիրներու միջեւ առեւտրային եւ քաղաքական յարաբերութիւնները լուծուին իւրաքանչիւր կողմի իրաւունքներու փոխադարձ յարգանքի վրայ։ Ապրիլ 28-ին կատարած՝ Ատրպէյճան այցէն առաջ յայտարարած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանն ատրպէյճանական պետական AzTV-ի հետ զրոյցին։

Փեզեշքիան երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան յարգման անհրաժեշտութիւնը շեշտած է, այսպէս կոչուած, «‎Զանգեզուրի միջանցք»ի շուրջ տարաձայնութիւններու պարունակին մէջ։

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին՝ Իրանի նախագահը հաստատած է, որ Իսլամական Հանրապետութիւնը շարունակաբար կ՚աջակցի երկու հարեւաններու իրաւունքներուն եւ նուիրուած է խաղաղ համակեցութեան խթանման։

Իրանի նախագահը նաեւ ընդգծած է Նախիջեւանը եւ Ատրպէյճանը Իրանի միջոցաւ կապող ճանապարհի (Արաքսի միջանցք) ապահովման կարեւորութիւնը՝ յոյս յայտնելով, որ այս ճանապարհը կը լուծէ առկայ կապի խնդիրները։

Փեզեշքիան Իրանի նախագահի պաշտօնին առաջին անգամ ըլլալով այցելած է Ատրպէյճան։