image

Մի սպաննէք Կաղանդ Պապուկս...

Մի սպաննէք Կաղանդ Պապուկս...

Իմ բարեսի՜րտ Կաղանդ պապուկս, որ

աչառութիւն կամ խտրականութիւն չի գիտեր եւ աշխարհի բոլոր մանուկներուն սէր կը բաշխէ հաւասարապէս:

Իմ օրհնաբե՜ր Կաղանդ պապուկս, որուն առատաձեռն  բարիքները պիտի  լիացնեն անհամար կարիքաւորները:

Անհամբեր  կը սպասեմ քեզի՝ իմ սպիտակ ու լուսաւո՜ր Կաղանդ պապուկս, որ փայլուն ժպիտներ գծես մռայլ դէմքերուն վրայ եւ յոյսի տաքուկ շողերով ջերմացնես համայն մարդկութեան սրտերը։

Եկո՛ւր կը խնդրեմ, այս տարի ալ եկո՛ւր իմ քաղցր երազ՝  Կաղանդ պապուկս, թէեւ ես մեծ եմ արդէն, բայց դուն իմ հոգիիս մէջ միշտ կաս ու անմահ ես…: Երբեք մի՛ վախնար ու մի՛ տատամսիր. եկո՛ւր անվարան ու անհապաղ, եւ ես թոյլ չեմ տար, որ անցողիկ այս կեանքի չարիքները մեռցնեն քեզ...

 

 

Սիլվա Մահրէճեան Իսկիկեան կը գրէ՝

 

Երանի այն օրերուն, երբ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱն իրական էր: Թէեւ ան ձիւներուն մէջէն կու գար, բայց մեր հոգիին մէջ տաս-տաքուկ անկիւն մը կը գրաւէր։ Կռնակին վրայ կուզիկ մը ունէր, բայց սլացիկ երիտասարդէ մը աւելի աշխոյժ կը պարէր: Հակառակ որ սպիտակ մազերը կը պատէին անոր դէմքն ու գլուխը, բայց մենք հմայքով կը դիտէինք զինք: Ան իր շալակին  խորհրդաւոր ուսապարկ մը ունէր, որուն մէջ կրնար տեղաւորել անթիւ եւ անհամար նուէրներ՝ բաւարար ու հասանելի աշխարհի բոլոր մանուկներուն համար:

Կաղանդ պապան փոքր թաթիկներուդ մէջ պզտլիկ եւ թափանցիկ տոպրակ մը կը զետեղէր եւ քեզի աշխարհին ամէնէն երջանիկ մանուկը կը դարձնէր: Տոպրակին մէջ կը «լողային» երկու-երեք կտոր գունաւոր շաքարներ, ընկոյզ մը, բլիթ մը, փուչիկ մը եւ առաւելագոյնը՝ սուլիչ մը: «Երանութեան» տոպրակը թխթխկացնելով՝ գանձ մը շահածի գոհունակութեամբ, դպրոցէն տուն կը փութայիր, ուր մայրդ տան սեմին գրկաբաց քեզ կը սպասէր, լսելու օրուան նկարագրականը եւ կիսելու սիրտդ պարուրող խինդը...:

Ո՞վ էր Կաղանդ պապուկը, որ բոլորիս կը հմայէր եւ ամէնուրեք երջանկութիւն կը սփռէր: Արդեօ՞ք հեքեաթներէն ծնած էակ մըն էր, կամ կախարդական տիպար մը...: Ինչո՞ւ անոր երեսին մկանները չէին շարժեր, աչքերը չէին կայծկլտար եւ միեւնոյն  արտայայտութիւնը տպուած կը մնար անոր դէմքին վրայ: Ո՞ւր կը բնակէր ան, ինչո՞ւ տեւապէս ներկայ չէր ըլլար մեր շուրջը...: Մանուկ միտքդ բազմաթիւ հարցումներ կ՚արձակէր, որոնք անլուծելի հանելուկներու նման անպատասխան կը մնային:

Սակայն մէկ բան յստակ գիտէիր, որ Կաղանդ պապան կարմիր գոյնով, բարի ու քաղցր ԵՐԱԶ մըն էր, որ կը պարուրէր մանուկ միտքդ ու հոգիդ: Ամբողջ տարի մը անձկութեամբ կը փայփայէիր այդ երազը եւ ամավերջի օրը անպայմա՛ն կ՚իրականանար, եւ Կաղանդ պապուկը կը յայտնուէր...: Ի՜նչ անոյշ կը հնչէր անոր զանգակին ձայնը, ինչքա՜ն հաճելի էր անոր պարը, իսկ գաւազանը, որուն մասին վախազդեցիկ պատմութիւններ լսած էիր, երբեք չէր յարմարեր իրականութեան հետ: Այդ գաւազանը ո՛չ ոք կը պատժէր եւ ո՛չ ոք կը հարուածէր: Կաղանդ պապային  ժամանումով մենք խելօք ու ժպտերես «սուրբ»երու կը վերածուէինք: Անսահման խանդավառութեամբ կը պարէինք, կ՚երգէինք, սակայն խաղին ու պարին կը յաջորդէր բաժանման դառն պահը, երբ Կաղանդ պապան կ՚երթար ու կ՚անհետանար…։ Յանկարծ ուրախութիւնդ կը խցուէր կոկորդիդ մէջ եւ աչքերուդ արցունքը հազիւ կը զսպուէր:

Երբ փոքր էիր, Կաղանդ պապուկը ամէն տարի ճշդապահօրէն կու գար, ոչ մէկ բան կը խանգարէր անոր գալուստը: Հազիւ քիչիկ մը մեծցար՝  արգելքներ յայտնուեցան եւ ունեցար տարիներ, երբ Կաղանդ պապուկը մնաց անժաման՝  հեռու-հեռաւոր, խրուած՝  մարմին խայթող ցուրտին ու ձիւներուն մէջ...:

-Սիլվա՛, աղջիկս այս տարի Կաղանդ տօնել չ՚ըլլար. մեծ մայրդ մի քանի օր առաջ մահացաւ:

-Սիլվա՛ «եաւրըմ», գիտեմ, որ անհամբեր կը սպասէիր Կաղանդը, սակայն դաժան Նոյեմբերը անխղճօրէն խլեց մայրդ...:

-Աղջիկս պատերազմ է, անթիւ անհամար զոհեր կան, որպէս յարգանք պէտք է հրաժարիս Ամանորի տօնակատարութիւններէն։ 

-Դրացի՛, կապարներէն տունդ մաղի վերածուած է, իսկ տօնածառը չտեսնես ինչ վիճակի մէջ է...: Թաղային կռիւները ամէնէն սարսափելի մարտերն են:

-Սիլվո՛ւկ ջան, այս տարի պէտք է երկրաշարժի զոհերը յարգենք, թող երեխաները իրենց խաղալիքները զիջին աղէտեալներուն: Թող գութ եւ կարեկցանք սորվին:

-Տիկին Սիլվա՛, հայրդ յանկարծամահ եղաւ: Զաւակներդ Կաղանդ պապային հետ շուրջպար բռնած են: Կանչէ՛ զիրենք. պէտք է ձեզի տուն հասցնեմ։ 

-Այս տարի թագաժահրին պարտադրած մեկուսացումը ընկճուածութիւն պատճառեց։ Ո՞վ սիրտ ունի Կաղանդ պապուկ ընդունելու, ինչպէ՞ս իմանաս, որ ան ալ վարակակիր մը չէ:

-Արդեօ՞ք պատշաճ է Կաղանդ պապուկ հիւրընկալելը, յատկապէս այս տարի, երբ կորուստը ահռելիօրէն ծանր է: Կորսնցուցինք մեր դարաւոր Արցախը, ականատես դարձանք բռնի տեղահանուած հազարաւոր քաղաքացիներուն եւ մտահոգ ենք մեր դիմաց ծառացող սպառնալիքներով...:

Յատկապէս այս վերջին հաստատումն է, որ խթան հանդիսացաւ տարիներու ընթացքին մէջս կուտակուած՝ աջէն-ձախէն ականջիս հասած «արձագանգ»ներու, որոնց պատճառաւ բազմաթիւ տարիներ մեր դուռները ամուր փակեցինք Կաղանդ պապուկին դիմաց։

Ես բաւարար իրազեկ եմ մեր ազգի ներկայ իրավիճակին, այնքան մը, որ յաճախ հոգիս ցաւով կը մղկտայ, սիրտս արիւն կու լայ...: Բայց նաեւ, ամէն գնով թոյլ պիտի չտամ, որ իմ Կաղանդ պապուկիս գալուստը հարցականի տակ դրուի, կամ դրժուի: Չեմ ուզեր, որ ան «քաւութեան նոխազը» դառնայ այսօրուան մեր դիմագրաւած դառնութիւններուն, պատերազմներուն, համաշխարհային անարդարութեան...

Իմ փափաքս է, որ Կաղանդ պապուկս՝ ինչպէս անցեալին, այսօր եւս ըլլայ ցանկալի ու բարի այն «եկուոր»ը, որ երջանկութիւնը կը մարմնաւորէ յատկապէս մանուկներուն համար: Գորովագութ Կաղանդ պապուկս՝ ներողամիտ, խաղաղասէր ու հաշտարար էակ մը, որուն գաւազանը չունի դատաստան, ատելութիւն կամ ցաւագին հարուածներ։

Իմ բարեսի՜րտ Կաղանդ պապուկս, որ

աչառութիւն կամ խտրականութիւն չի գիտեր եւ աշխարհի բոլոր մանուկներուն սէր կը բաշխէ հաւասարապէս:

Իմ օրհնաբե՜ր Կաղանդ պապուկս, որուն առատաձեռն  բարիքները պիտի  լիացնեն անհամար կարիքաւորները:

Անհամբեր  կը սպասեմ քեզի՝ իմ սպիտակ ու լուսաւո՜ր Կաղանդ պապուկս, որ փայլուն ժպիտներ գծես մռայլ դէմքերուն վրայ եւ յոյսի տաքուկ շողերով ջերմացնես համայն մարդկութեան սրտերը։

Եկո՛ւր կը խնդրեմ, այս տարի ալ եկո՛ւր իմ քաղցր երազ՝  Կաղանդ պապուկս, թէեւ ես մեծ եմ արդէն, բայց դուն իմ հոգիիս մէջ միշտ կաս ու անմահ ես…: Երբեք մի՛ վախնար ու մի՛ տատամսիր. եկո՛ւր անվարան ու անհապաղ, եւ ես թոյլ չեմ տար, որ անցողիկ այս կեանքի չարիքները մեռցնեն քեզ...

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...