image
Հրատապ լուրեր:

Մեծագոյն խթանողը մայրս էր ... Գարօլին Հաճեան

 Մեծագոյն  խթանողը  մայրս էր ... Գարօլին Հաճեան

Ֆիլմս կը խօսի լիբանանահայ ծերունի գրագէտի մը՝ Սարգիսին մասին, որ կ'ապրի առանձին, զաւկին կարօտով. Անոր մէկ հատիկ մանչ զաւակը կ'ապրի երկրէն դուրս:

Սարգիս յաճախ դժուարութիւն կ'ունենայ մուսաները գտնելու եւ ամէն անգամ, երբ գրիչը ձեռքը կ'առնէ, տառերը կ'անհետանան թուղթէն. անոր սիրտն ու միտքը զաւկին հետն են եւ ան յաճախ լուր մը կը սպասէ իրմէ: Բայց արդեօ՞ք պիտի հնչէ հեռաձայնը: Արդեօ՞ք խեղճ ծերունին պիտի լսէ զաւկին ձայնը: 

 

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ  Լիբանանահայ   երիտասարդ  բեմադրիչ՝  Գարօլին Հաճեան:

-Ի՞նչ առիթով էր, որ ձեր ֆիլմը ընտրուեցաւ Աւստրալիոյ լիբանանեան ֆիլմերու փառատօնին մասնակցելու: Ի՞նչի մասին է ֆիլմը:

Ընդհանրապէս սկսնակ բեմադրիչներ կը փափաքին առիթներ ունենալ իրենց ֆիլմերը ցուցադրելու եւ փառատօնները այդ առիթը ընձեռող յարմարագոյն միջոցներն են: Կան հարթակներ, ուրկէ կրնայ որեւէ սկսնակ բեմադրիչ ներկայացնել իր ֆիլմը, անշուշտ համապատասխանելով փառատօնի թեմային ու նպատակին. Եւ քանի որ այս փառատօնին նպատակն էր Աւստրալիոյ ժողովուրդին ծանօթացնել լիբանանեան մշակոյթն ու սինեման, իմ ֆիլմս ընտրուեցաւ՝ ներկայացուելու: Յաւելեալ մանրամասնութիւններու մասին տեղեակ չպահեցին, կրնայ ըլլալ նիւթն է, որ զիրենք գրաւեց, կամ՝ բեմադրութիւնը, կամ՝ արուեստի ուղղութիւնը (art direcrion), կամ ալ բեմագրութիւնը (script). այդ մէկը կրնանք գիտնալ երբ ֆիլմս արժանանայ մրցանակի

Կ'ուզեմ նշել, որ ես NDU (Notre Dame University) համալսարանի այս տարուան «Audio-visual and film» բաժնի շրջանաւարտներէն եմ. այս կարճ ֆիլմը, 5 վայրկեան տեւողութեամբ, ներկայացուցի իբրեւ աւարտական աշխատանք՝ ստանալու BA վկայականս:

Ֆիլմս կը խօսի լիբանանահայ ծերունի գրագէտի մը՝ Սարգիսին մասին, որ կ'ապրի առանձին, զաւկին կարօտով. Անոր մէկ հատիկ մանչ զաւակը կ'ապրի երկրէն դուրս:

Սարգիս յաճախ դժուարութիւն կ'ունենայ մուսաները գտնելու եւ ամէն անգամ, երբ գրիչը ձեռքը կ'առնէ, տառերը կ'անհետանան թուղթէն. անոր սիրտն ու միտքը զաւկին հետն են եւ ան յաճախ լուր մը կը սպասէ իրմէ: Բայց արդեօ՞ք պիտի հնչէ հեռաձայնը: Արդեօ՞ք խեղճ ծերունին պիտի լսէ զաւկին ձայնը: 

 

-Ի՞նչ պայմաններու տակ, ի՞նչ հետաքրքրութեան հիմքով դուք ընտրեցիք շարժանկարի ասպարէզը, մանաւանդ որ բաւական բարդ եւ դժուար ասպարէզ մըն է: Ի՞նչ կրնաք պատմել այդ մասին:

Փոքր տարիքէս յատուկ հետաքրքրութիւն ունեցած եմ ֆիլմաշխարհի հանդէպ եւ միշտ փափաք ունեցած եմ դառնալու դերասանուհի: Այս սէրը հետզհետէ աճած է մէջս դպրոցական օրերուն, ատենամարզանքներու եւ հանդէսներու ընթացքին բեմադրուած թատերական ներկայացումներէ տպաւորուելով: Ներշնչուած եմ նաեւ մօրմէս. թէեւ արուեստի  հանդէպ մեծ  հետաքրքրութիւն մը չկայ ընտանիքիս  անդամներուն մօտ, բայց մօրս յատուկ հետաքրքրութիւնը ֆիլմերու նկատմամբ խորապէս  ազդած  է վրաս:

Երբ աւարտեցի դպրոցս եւ պահը հասաւ մասնագիտութիւն ընտրելու, բաւական անհանգիստ վիճակի մատնուեցայ, որովհետեւ միջավայրիս մէջ կայ այն տրամադրութիւնը, որ պէտք է ընտրել այնպիսի մասնագիտութիւն, որ ապագային գործի լայն առիթներ ընծայէ. երկար մտածելէ ետք որոշեցի հետեւիլ նախասիրութեանս եւ բնաւ չեմ զղջար, հակառակ անոր որ երկրին մթնոլորտը քաջալերական չէ:

 

-Ֆիլմի ասպարէզի մէջ ձեզի վրայ ո՞ր բեմադրիչը՝ հայ թէ օտար, հետք ձգած է. որո՞ւն գործերը ձեզի համար մեծ արժէք կամ պատգամ մը ունին թելադրելիք:

Շատ բեմադրիչներ կան, որոնք ներշնչած են զիս իրենց բացառիկ գործերով, սակայն իմ նախասիրած բեմադրիչս Մարթին Սքորսեզէն (Martin Scosrsese) է, անոր ոճը յատկապէս հետք ձգած է վրաս, ան հմտութեամբ կը գործածէ քամերայի շարժումները. օրինակ՝ քամերայի կամաց շարժումով կ'երկարաձգէ կարգ մը պահեր, որպէսզի ներկայացնէ դերասանին հետաքրքրութիւնը եւ կամ այդ վայրկեանի զգացական աշխարհը: Այս թէքնիքը նաեւ կ'օգնէ, որ զգանք դերասանին դանդաղ ընթացքը (slow pace), ինչպէս որ կը տեսնենք Սարգիսին մօտ, «Անբիծ տողեր»ուն մէջ:

«Անբիծ տողեր» ֆիլմը գծագրային (animation) ֆիլմ է եւ դերասանը՝ Սարգիսը, տիկնիկ է, որ արդէն ինքնաբերաբար պիտի չխօսի: Ես օգտագործեցի ետքատրային ձայնաւորում (voice over), որպէսզի Սարգիսին գրած բանաստեղծութիւններուն միջոցաւ ներկայացնեմ ֆիլմին նիւթը: Այս թէքնիքը նաեւ սորված եմ Մարթին Սքորսեզէի գործերէն:

Կ'ուզեմ նշել, որ միտքերս հանգիստ արտայայտելու դժուարութիւն ունեցող անձ մըն եմ եւ Սարգիսին կերպարով ձեւով մը յաջողեցայ ինքզինքս ցոլացնել:

 

-Մեր աշխարհին մէջ շարժանկարը, սինեման, ֆիլմերը, տեսաշարերը շատ մեծ զէնք կը համարուին: Ձեր կարծիքով հայութիւնը կրցած է լաւապէս այդ զէնքը օգտագործելով հայ դատը աշխարհին ներկայացնել:

Փորձեր եղած են եւ կան թէ՛ անցեալին, եւ թէ ներկայիս, սակայն այսօրուան համաշխարհային անցուդարձերը նկատի ունենալով՝ հայ ֆիլմարուեստը կը կարօտի համահայկական առումով հսկայ ներդրումի եւ զօրաշարժի, որպէսզի քաջալերուին մեր բեմադրիչները, մեր դերասանները, մեր ֆիլմերը եւ հասնին համաշխարհային մեծ հարթակներու՝ ներկայացնելով հայկական դարաւոր մշակոյթն ու հայ դատը:

-Տնտեսական ծանր պայմաններու տակ բաւական դժուար է շարժանկար պատրաստել, նկարել, բեմադրլ: Այսօր ի՞նչ կը պատմէք Լիբանանի ծանր պայմաններու եւ անոր ազդեցութեան մասին:

Ինչպէս բոլորս գիտենք, այսօր Լիբանան կ'անցնի տնտեսական ծանր պայմաններէ, ոչ միայն «Քորոնա» ժահրին պատճառով, այլ նաեւ քաղաքական անկայունութեան իբրեւ հետեւանք: Կ'ուզեմ ըսել, որ այս ֆիլմը  նկարեցի շատ  ծանր պայմաններուն տակ,   զայն ենթարկելով յաճախակի փոփոխութիւններու: Նախ, սկզբունքով, ֆիլմը mockumentary/featured documentary պիտի ըլլար, բայց նկարահանումը զուգադիպելով լոքտաունի առաջին օրուան՝ յետաձգուեցաւ անյայտ թուականով: Դժբախտաբար, դեռ նկարահանումը չսկսած, մահացաւ նաեւ գլխաւոր դերասանը՝ մեր շատ սիրելի «Թիւճճէր Պապուկը»: Ստիպուեցայ դիմելու նոր ձեւի մը՝ թեման պահելով, սակայն նոր բեմագրութիւն (սքրիփթ) ընել՝ stop motion (երբ ֆիլմը ստեղծելու ժամանակ կ'օգտագործուի մաքեթ-բեմ եւ տիկինիկ-դերասաններ) անիմէյշըն նկարելու համար. Մտածեցի որ այս ձեւով ժահրն ալ հարց չըլլար, դերասաններու հետ ուղղակի շփումի մէջ չեմ ըլլար եւ նուազագոյն անձնակազմով (minimal crew) կրնամ նկարել այս անիմէյշընը: Տնտեսական վիճակը նկատի ունենալով, որոշեցի ամէն առարկայ (props) ես ձեռքովս պատրաստեմ վերամշակելով եւ վերաօգտագործելով (recycling եւ reusing) տունէն զարդեղէններ եւ կամ անպէտք իրեր եւ ձեւափոխելով նոր առարկաներու (սեղան, աթոռ, գիրք, պատուհան եւ այլն):

Բարեբախտաբար, խումբ մը հարազատներ եւ ընկերներ՝ տեսնելով դժուարութիւններս, ձեռք երկարեցին  եւ յաջողեցայ աւարտել ֆիլմին նկարահանումը: Երախտապարտ եմ բոլոր անոնց, որոնք աջակցեցան ինծի, եւ այսպիսով համոզուեցայ, որ ամէն դժուարութիւն կարելի է յաղթահարել, երբ կայ կամք եւ նպատակ:

Նշեմ, որ անիմէյշընը ձօնեցի Սարգիս Այնթապլեանի յիշատակին:

-Կայ կարծիք, որ համեմատաբար աղքատ կամ պաշարման տակ եղող կամ ընկճուած երկիրներու սինեման, սինիֆոթոկրաֆիան շատ հարուստ է արուեստի գործերով, ինչպէս օրինակ՝ Լատին Ամերիկայի սինեման, նոյնը կարելի՞ է ըսել այսօր Լիբանանի մասին: Այսօր ի՞նչ մթնոլորտ կը տիրէ Լիբանանի մէջ:

Դասախօսէս լսած եմ «pain is gift» արտայայտութիւնը, որ շատ տպաւորած է զիս: Չեմ գիտեր, որքան կը համապատասխանէ ձեր հարցադրումին, բայց կը հաւատամ որ ցաւն է արուեստի գլուխ գործոցներու մղիչ ուժը եւ համոզուած եմ, որ աղքատ եւ ճնշուած ժողովուրդներէն կը ծնին իսկական արուեստները:

Հոս կ'ուզեմ անպայման յիշել յարգելի դասախօս՝ Սամ Լահհուտը եւ իր գործընկերուհին՝ օրդ. Տորիս Սապան, որոնք հիմնած են «Beirut film society»ին եւ ամէն ջանք կը թափեն քաջալերելու սկսնակ բեմադրիչները  փորձելով անշուշտ  լիբանանեան սինեման քայլ մը առաջ  տանիլ։ Այսինքն, անհատական ճիգեր կան մասնագէտներու կողմէ, կարեւորը երկրի կայունացումն ու պետական մակարդակով քաջալերանքն է:

 

-Ի՞նչ են ձեր ապագայի ծրագիրները կամ մեծ երազը. ինչպիսի՞ ֆիլմ մը կ'ուզէ նկարել Գարօլ Հաճեանը:

«Անբիծ տողեր»ը stop motion (Սթոփ-քատր անիմացիա, ուր ֆիլմը ստեղծելու ժամանակ կ'օգտագործուի մաքեթ-բեմ եւ տիկինիկ-դերասաններ) եղանակով պատրաստուած ֆիլմի իմ առաջին փորձառութիւնս է գծագրի (animation) աշխարհին մէջ: Այս յաջողութենէն ետք մէջս հետաքրքրութիւն արթնցաւ computer animation սորվելու եւ անշուշտ ապագային գծագրային (animation)  ֆիլմեր պատրաստելու:

Շատ պատգամներ (awarnesess) կան որ կ'ուզեմ հասցնել՝ ընկերային, տնտեսական, քաղաքական մակարդակներու վրայ, նոյնիսկ մանկական գծագրային շարժանկարներու (cartoons) մէջ եւ ինչո՞ւ չէ, փափաքս է օր մը ըլլամ գծագրային (animation) ֆիլմեր պատրաստող.

Այժմ օգնական մարզիչ եմ «Beirut my child» ծրագրին մէջ, որ մաս կը կազմէ «Beirut film society»ին: Այս ծրագրին նպատակն է 4 Օգոստոսի Լիբանանի պայթումէն ազդուած պզտիկներուն անիմէյշըն սորվեցնել, որպէսզի կարենան արտայայտել իրենց պահուած զգացումները:

 

-Դուք ձեր ապագայի հեռանկարը Լիբանանի մէջ կը տեսնէ՞ք որպէս բեմադրիչ կա՞մ կ'ուզէք Լիբանանէն դուրս շարունակել ձեր ասպարէզը:

Ես անձամբ առիթներու կողմէ բաց անձ մըն եմ, եթէ Լիբանան չեղաւ, կ'ըլլայ ուրիշ տեղ: Ինծի համար տեղը այնքան կարեւորութիւն չունի, որքան որ՝ գործին արդիւնքը: Յուսամ առաջին այս փորձս տարբեր դռներ կը բանայ իմ առջեւս եւ առիթը կ'ունենամ խորանալու այս ասպարէզին մէջ: Եթէ յարատեւեմ եւ յաջողութիւններու հասնիմ, կը փափաքիմ անպայման օգտակար ըլլալ երկու հայրենիքներուս՝ Լիբանանին եւ Հայաստանին: