image

Մահացած է Պէյրութահայ երիտասարդուհի Գարօլին Օտապաշեան

 Մահացած է Պէյրութահայ երիտասարդուհի Գարօլին Օտապաշեան

Պէյրութահայ երիտասարդուհի Գարօլին Օտապաշեան մահացած է կարճատեւ հիւանդութեան հետեւանքով։ 

 Այս մասին իմացանք հանգուցեալի  ազգականներէն։

 

 Մեր աղբիւրներու հաղորդմամբ Հայ Կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս ու ապա Մեսրոպեան վարժարանները յաճախած Գարօլին աւարտելէ ետք իր դպրոցական ուսումը նետուած է կեանքի ասպարէզ ու աշխատած է Պէյրութի եւ ապա Միացեալ Արաբական Էմիրութեանց մէջ նախ ճաշարանային ոլորտին մէջ (որպէս վարպետ խոհարար), ապա մեկնած ու շրջան մըն ալ աշխատած է զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ Եգիպտոսի Շարմ Ալ Շէյխ քաղաքին մէջ։

 

 Միշտ ժպտուներես, կեանքով լեցուն եւ շրջապատին կողմէ սիրուած Գարօլինը եղած է նուիրեալ անդամ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին։

 

 Նշենք նաեւ, որ հանգուցեալի յուղարկաւորութեան եւ վերջին հրաժեշտի արարողութիւնները պիտի կայացուին այսօր Պէյրութի Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալի մարմինը պիտի փոխադրուի  Պուրճ  Համուտի Ազգային Գերեզմանատուն եւ ամփոփուի ընտանեկան դամբարանին մէջ։

 Մխիթարութիւն հանգուցեալի հարազատներուն։