image
Հրատապ լուրեր:

Մեծ հռչակ եւ ժառանգութիւն.Դամասկոսի «Պաքտաշ» պաղպաղակը

 Մեծ հռչակ եւ ժառանգութիւն.Դամասկոսի «Պաքտաշ» պաղպաղակը

Պաքտաշի երկու որդիները՝ Մուաֆաք եւ Հիշամ ժառանգած են հօր աշխատանքը եւ մնացած նոյն խանութին մէջ, ուր շարունակած են պատրաստել եւ վաճառել արաբական պաղպաղակ։Խանութը տակաւին պահպանած է իր հնաոճ ձեւաւորումը, այնպէս ինչպէս հայրը հիմնած էր: Այն դարձած է Համիտիէ շուկայի եւ հին Դամասկոսի տեսարժան վայրերէն մէկը, իսկ Պաքտաշ պաղպաղակը Դամասկոսի «ժողովրդական ժառանգութեան» մէկ մասնիկը: Պաքտաշի անունը սերտօրէն կապուած է Համիտիէ շուկայի տեղական ժողովրդական ժառանգութեան հետ, այն աստիճան, որ երբ նշուի Համիտիէ շուկան անմիջապէս կը նշուի անոր սիրտը գտնուող Պաքտաշ պաղպաղակի խանութը: 

Դամասկոսի Համիտիէ շուկայի բոլոր այցելուները վստահ յուշեր ունին կապուած այս արաբական պաղպաղակին հետ, որ հանրաճանաչ դարձած է նոյնիսկ աշխարհի կարգ մը երկիրներու մէջ իր իւրայատուկ համով: 

 

 

Եթէ  երբեք  այցելած էք Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոս, ուրեմն անպայման անցած էք Համիտիէ նշանաւոր շուկան ու այնտեղ գտնուող աւելի նշանաւոր Պաքտաշ պաղապաղակի հնաոճ խանութը, որ կը հիւրասիրէ ամէնէն համով արաբական պաղպաղակը: 

1895 թուականին, Դամասկոսի մէջ, Մոհամմատ Համտի Պաքտաշ անունով երիտասարդ մը, որ կը զբաղէր կիտրոնի հիւթ վաճառելով, որոշած է նորութիւն մը մտցնել եւ արտադրել հիւթերէ պատրաստուած աւելի նորահամ սննդամթերք մը, եւ ան փորձարկած է հիւթերուն աւելցնել վայրի բոյս մը, որ կ'աճէր հիւսիսային Սուրիոյ թրքական սահմանամերձ բարձր լեռներուն վրայ: Թրքերէնով այն կը կոչուի խոլորձ (սահլապիէ), այն յայտնի բոյս է, որ աւելցնելով կաթին վրայ կարելի է ստանալ արաբական պաղպաղակը։

Պաքտաշ որոշած է խանութ բանալ հանրայայտ Համիտիէ շուկայի կեդրոնը, մասնաւորապէս անոր երկրորդ մասին մէջ, որ կը տանի դէպի Օմայատ մզկիթ։ Եւ երբ Օսմանեան կայսրութեան կառավարութիւնը լսած է Պաքտաշի մտայղացումին ու «արկածախնդրութեան» մասին, որոշած է աջակցիլ անոր ու ուղարկած կառավարական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, երբ Պաքտաշ բացած է իր խանութը: Եւ Իրապէս, Պաքտաշ հասած է իր մուրազին եւ խանութը մեծ համբաւ ունեցած ոչ միայն Սուրիոյ մէջ, այլ նաեւ արաբական եւ եւրոպական երկիրներուն մէջ։

Պաքտաշի երկու որդիները՝ Մուաֆաք եւ Հիշամ ժառանգած են հօր աշխատանքը եւ մնացած նոյն խանութին մէջ, ուր շարունակած են պատրաստել եւ վաճառել արաբական պաղպաղակ։Խանութը տակաւին պահպանած է իր հնաոճ ձեւաւորումը, այնպէս ինչպէս հայրը հիմնած էր: Այն դարձած է Համիտիէ շուկայի եւ հին Դամասկոսի տեսարժան վայրերէն մէկը, իսկ Պաքտաշ պաղպաղակը Դամասկոսի «ժողովրդական ժառանգութեան» մէկ մասնիկը: Պաքտաշի անունը սերտօրէն կապուած է Համիտիէ շուկայի տեղական ժողովրդական ժառանգութեան հետ, այն աստիճան, որ երբ նշուի Համիտիէ շուկան անմիջապէս կը նշուի անոր սիրտը գտնուող Պաքտաշ պաղպաղակի խանութը: 

Դամասկոսի Համիտիէ շուկայի բոլոր այցելուները վստահ յուշեր ունին կապուած այս արաբական պաղպաղակին հետ, որ հանրաճանաչ դարձած է նոյնիսկ աշխարհի կարգ մը երկիրներու մէջ իր իւրայատուկ համով: 

 

Arevelk.am-ի համար պատրաստեց՝ Թ. Գասպարեան