image

Նիւ Եորքի մէջ. Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան ենթարկուած է վիրաբուժական յաջող միջամտութեան

Նիւ Եորքի մէջ. Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան ենթարկուած է  վիրաբուժական  յաջող միջամտութեան

Օրերս  Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ  Կիլիկեան Աթոռի ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան ենթարկուած է  վիրաբուժական գործողութեան։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Առաջնորդարանին մօտիկ կանգնած աղբիւրներէ։

 

 Լիարժէք  առողջութիւն, ամբողջական ապաքինում եւ նորովի եռանդ մաղթելով Սրբազան Հօր, ստորեւ կը ներկայացնենք այդ մասին Թեմի պաշտօնական կայքին վրայ լոյս տեսած լրատւութիւնը։

Երեքշաբթի, 28 Մայիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, այցելեց New York-Presbyterian հիւանդանոցի Weill Cornell բժշկական կեդրոնի ողնաշարի բաժանմունքը, ուր յետ ողնաշարի գործողութեան դրուած 20 կարերը հանուեցան։ Սրբազան Հայրը հանդիպեցաւ անուանի ջղավիրաբոյժ տոքթ. Ռոճըր Հարթլին, որ գործողութիւնը կատարած էր եւ որ ապաքինման ընթացքէն շատ գոհ մնաց, թելադրելով, որ ան խստիւ շարունակէ հետեւիլ իրեն եղած դարմանման ցուցմունքներուն։

Այս առթիւ, Սրբազան Հայրը, իր երախտագիտութիւնը յայտնելով, բժիշկին ներկայացուց հայկական ոճով գեղեցիկ խաչ մը, զոր ան ընդունեց մեծ գոհունակութեամբ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կը շարունակէ գործադրել իր առօրեայ պարտականութիւնները իր բնակարանէն։