image

Մեծ Բրիտանիոյ մէջ մեկնարկած է խորհրդարանի արտահերթ ընտրութիւնը

Մեծ Բրիտանիոյ մէջ մեկնարկած է խորհրդարանի արտահերթ ընտրութիւնը

Բրիտանացիներն այսօր ընտրատեղամասեր կ՚ուղուին՝ որոշելու նոր կառավարութեան կազմը, որ երկիրը պիտի ղեկավարէ յառաջիկայ հինգ տարին՝ գրած են արեւմտեան լրատուամիջոցները:

Սա Մեծ Բրիտանիոյ մէջ առաջին համընդհանուր ընտրութիւնն է Եւրոմիութենէն երկրի դուրս գալէն ետք: Ընտրատեղամասեր բացուած են Անգլիոյ, Շոթլանտայի, Ուելսի եւ Հիւսիսային Իրլանտայի 650 ընտրատարածքի մէջ, ամբողջ երկրի մէջ ընտրելու իրաւունք ունի մօտ 50 միլիոն մարդ:

Մեծ Բրիտանիոյ խորհրդարանի Համայնքներու պալատին մէջ 650 տեղի համար կը պայքարի 4515 թեկնածու:

Հարցումները ցոյց տուած են, որ ընդդիմադիր Աշխատաւորական ​​կուսակցութիւնը՝ Քիր Սթարմըրի գլխաւորութեամբ, կրնայ ջախջախիչ յաղթանակ տանիլ իշխող պահպանողականներու նկատմամբ՝ 14 տարուան ընդմիջումէ ետք նորէն գալով իշխանութեան:

Ըստ օրէնքի՝ կառավարութիւն կը կազմէ այն կուսակցութիւնը, որ կը ստանայ խորհրդարանի մանթատներու մեծամասնութիւնը՝ առնուազն 326:

Քուէարկութեան առաջին արդիւնքները պիտի հրապարակուին տեղամասերը փակուելէն անմիջապէս ետք։ Սակայն նոր խորհրդարանի կազմաւորման հետ կապուած ընդհանուր պատկերը պարզ պիտի դառնայ յուլիս 5-ի առաւօտեան։ Կը սպասուի, որ այդ օրը յաղթած կուսակցութեան առաջնորդը երթայ Պուքինկհեմեան պալատ եւ թագաւոր Չարլզ III-ին տեղեկացնէ կառավարութիւն ձեւաւորելու պատրաստակամութեան մասին։