image

Մեծ Բրիտանիան նոր աթոմակայան պիտի կառուցէ

Մեծ Բրիտանիան նոր աթոմակայան պիտի կառուցէ

Մեծ Բրիտանիան նոր աթոմակայան պիտի կառուցէ՝ Sizewell C Անգլիոյ հարաւ-արեւելքին մէջ։ Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Reuters»-ը, յայտնած է կառավարութեան ձեռնարկատիրական հարցերով վարչութիւնը: 

Աթոմակայանը, որ կրնայ արտադրել 3,2 կիկա-ուաթ կարողութեամբ ելեկտրական ուժանիւթ, որ բաւարար է մօտ 6 միլիոն տունի համար, կը պատկանի ֆրանսական EDF ընկերութեան։ 

Բրիտանիան յոյսով է, որ նոր աթոմակայանի միջոցաւ պիտի կարենայ՝ երկարաժամկէտ հեռանկարի վրայ, ուժանիւթի առումով աւելի անկախ ըլլալ, յարգած ըլլալով իր խոստումը. քանի որ աշխարհի երկիրները կը ձգտին նուազեցնել կախուածութիւնը արտաքին ուժանիւթի աղբիւրներէն, յատկապէս Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ միջեւ հակամարտութեան պատճառով կազի գիներու կտրուկ բարձրացումէն ետք։