Այսօր՝ 21 Նոյեմբերին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է խոշոր եւ շղթայական ինքնաշարժի արկած, կը գրէ Shamshyan.com-ը։
Ժամը 10։40-ի սահմաններուն, Բագրատունեաց փողոցին վրայ՝ Գարեգին Նժդեհի հրապարակին մէջ, իրարու բախած են «BMW X5», «Mercedes-Benz G 550» եւ այլ «Mercedes» ինքնաշարժ մը, ինչպէս նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանի հաշուեկշիռին մէջ արձանագրուած՝ թիւ 1 երթուղին սպասարկող երկու թրոլէյպիւսները։
Ինչպէս դէպքի վայրէն կը հաղորդէ լուսանկարիչ լրագրող Գագիկ Շամշեան, արկածին հետեւանքով երկու անձ վիրաւորուած են։ Անոնց առաջին օգնութեան հասած են քաղաքացիները, իսկ ըստ քաղաքացիներու փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ դէպքի վայր ժամանած Երեւանի 1-03 շտապ օգնութեան բժիշկներու հերթապահ խումբերը վիրաւորները տեղափոխած են Երեւանի տարբեր մասնագիտացուած հիւանդանոցներ։
Շտապ օգնութեան բժիշկները, մինչեւ վիրաւորները հիւանդանոց տեղափոխելը, դէպքի վայրին մէջ առաջին բուժօգնութիւն ցուցաբերած են անոնց։
Արկածին առնչութեամբ քննչական բաժանմունքին մէջ քրէական վարոյթ յարուցուած է։ Կը պարզուին ինքնաշարժներուն սեփականատէրերուն, վարորդներուն եւ վիրաւորներուն ինքնութիւնները։
Լուսանկարիչ լրագրողը կը հաղորդէ նաեւ, որ բախումին հետեւանքով «BMW X5» ինքնաշարժը յայտնուած է ճամբուն կեդրոնը։