image
Հրատապ լուրեր:

Յորդանան.Քարաքի եկեղեցւոյ արիւնալի յարձակման երեք հեղինակները մահուան դատապարտուեցան

 Յորդանան.Քարաքի եկեղեցւոյ արիւնալի յարձակման երեք հեղինակները մահուան դատապարտուեցան

Յորդանանի Պետական անվտանգութեան դատարանը Կիրակի օր մահուան դատապարտեց երեք անձեր, որոնք մեղաւոր ճանչցուած էին անցեալ 23 Հոկտեմբերին, երկրի հարաւը գտնուող Քարաքի նահանգի Համուտ գիւղին մէջ տեղի ունեցած զինեալ յարձակումին համար։ Յարձակման հետեւանքով ինը անձ զոհուած էր, իսկ 25 ուրիշներ վիրաւորուած էին։

Յորդանանի բանակը յայտարարեց, թէ դատարանը մահապատիժի վճիռ արձակած է երեք ամբաստանեալներուն դէմ, որոնք իրականացուցած էին յարձակումը։

Յորդանանի պաշտօնական «Փեթրա» լրատու գործակալութեան համաձայն՝ դատարանը զանոնք մեղաւոր ճանչցած է ահաբեկչական գործողութիւններու իրականացման մէջ, որոնք ինը առանձին դէպքերով մարդկային զոհերու պատճառ դարձած են։

Ամբաստանեալները մեղաւոր ճանչցուած են նաեւ զէնքի եւ զինամթերքի գործածութեամբ ահաբեկչական գործողութիւններ իրականացնելու, ահաբեկչական յարձակումներու նպատակով զէնք պահելու, զինեալ յարձակումներ ծրագրելու եւ ահաբեկչական կազմակերպութեան գաղափարները տարածելու յանցանքներուն համար։

Դատարանը նաեւ ամբաստանեալներէն մէկը մեղաւոր ճանչցած է ահաբեկչական գործողութիւններու ֆինանսաւորման նպատակով դրամական միջոցներ տրամադրելու յանցանքով։

Վճիռները հիմնուած են Յորդանանի 2006 թուականի Ահաբեկչութեան կանխարգիլման օրէնքին, Քրէական օրէնսգիրքին եւ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման դէմ պայքարի օրէնսդրական դրոյթներուն վրայ։

Յիշեցնենք, որ յարձակումը տեղի ունեցած էր յուղարկաւորութեան մը մասնակիցներուն դէմ՝ Քարաքի նահանգի Համուտ գիւղին մէջ, պատճառ դառնալով ինը անձերու մահուան եւ 25 ուրիշներու վիրաւորման։