Իրաքի հարաւը գտնուող Պասրա նահանգի ելեկտրակայանը սնուցող կազատարի պայթումին հետեւանքով զոհուած է առնուազն չորս անձ, իսկ շուրջ 35 ուրիշներ վիրաւորուած են։ Այս մասին յայտարարած է նահանգապետի տեղակալ Մահեր ալ-Ամիրին։
Անոր խօսքով՝ դէպքը պատահած է առաւօտեան։ Ան նաեւ INA գործակալութեան յայտնած է, թէ դէպքին հանգամանքներն ու պատճառները պարզելու նպատակով քննիչ յանձնաժողով մը պիտի կազմուի։ Իր կարգին, Իրաքի առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդած է 46 տուժեալի մասին՝ այս թիւին մէջ ներառելով նաեւ երկու զոհերը։
Իրաքի ելեկտրականութեան նախարար Ալի Ուահիպ արտակարգ խորհրդակցութիւն գումարած է պատահարին առնչութեամբ եւ յանձնարարած է շտապ միջոցներ ձեռնարկել ելեկտրակայանին հասցուած վնասները վերացնելու ուղղութեամբ, կը հաղորդէ INA-ն։
Ան ընդգծած է, որ «քաղաքացիներուն եւ անձնակազմին ապահովութիւնը գերագոյն առաջնահերթութիւն է» եւ կոչ ուղղած է ուժեղացնելու ապահովութեան միջոցառումները, պարզելու պայթումին պատճառները, ինչպէս նաեւ ապահովելու ուժանիւթի համակարգին անխափան գործունէութիւնը։