image

Մեսրոպեան վարժարանը արդիականութեան ջահակիր. Ընթացք առած է Փլանշեդներու եւ QR քոտերու օգտագործումը՝ դասարաններուն մէջ

 Մեսրոպեան վարժարանը արդիականութեան ջահակիր. Ընթացք առած է Փլանշեդներու եւ QR քոտերու օգտագործումը՝ դասարաններուն մէջ

Պէյրութի հայկական վարժարաններուն մէջ առաջնային դիրք ունեցող Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանը կը շարունակէ մնալ արդիականութեան եւ արդի արհեստագիտութեանց ջատագով։

Այս ծիրէն ներս, օրերս կարեւոր նուաճում մը եւս գրանցուած է, որուն մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ վարժարանին կողմէ տարածուած հաղորդագրութեամբ, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

7 Նոյեմբեր 2023-ին, Մեսրոպեան վարժարանի 3-րդէն 7-րդ դասարաններու աշակերտներու կրթութեան եւ զարգացման ծրագիրին մէջ մուտք գործեցին նոր հնարաւորութիւններ. այսօր այդ դասարաններուն մէջ ներկայացուեցան փլանշեդներու եւ QR քոտերու օգտագործումը նորարարական եւ ինթերաքթիվ ուսումնական գործունէութեան համար, ինչպիսիք են կրթական տեսանիւթերը, թուային աղբիւրներն ու պաշարները, ինթերաքթիվ քննութիւնները եւ այլն: Սա թոյլ կու տայ մեր աշակերտներուն բացայայտել ժամանակակից ուսուցման մօտեցումները եւ լուծել հետաքրքրական մարտահրաւէրներ՝ օգտագործելով արդի արհեստագիտութիւնը: