image

«Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշան՝ սփիւռքահայ մտաւորական Վարդան Մատթէոսեանին

 «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշան՝ սփիւռքահայ մտաւորական Վարդան Մատթէոսեանին

 Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, որ վերջերս հովուական այց մը տուաւ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմին նպատակայարմար համարած է Կիլիկեան Աթոռի «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը շնորհել սափիւռքահայ մտաւորական՝ Վարդան Մատթէոսեանին։

Մատթէոսեան, որ ծնունդ առած է Արժանթինի մէջ  վերջին տարիներուն հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ եւ դիւանապետն է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմին։

 Բազում աշխատութիւններով հանդէս եկած Մատթէոսեան յօդուածներով եւ ուսումնասիրութիւններով հանդէս կու գայ, թէ սփիւռքեան եւ թէ ալ հայրենի մասնագիտական մամուլով եւ անոր հետաքրքրութիւններու հիմնական առանցքը կը կազմէ մեծատաղանդ գրող Կոստան Զարեանը, որուն մասին ալ Մատթէոսեան  հրապարակած է բազմաթիւ արժէքաւոր աշխատութիւններ եւ հատորներ։

 Կիսելով այս   հոգեշահ եւ լիցք հաղորդող գեղեցիկ առիթը ստորեւ կը ներկայացնենք այս առթիւ Մատթէոսեանի գրչով կատարուած գրառումը։

Կիրակի, 19 Նոյեմբերին, Նիւ Եորք տեղի ունեցած ճաշկերոյթին ընթացքին, յուզիչ անակնալ մըն էր Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը ստանալ՝ մեր մշակոյթին բերած ինչ-ինչ նպաստներու համար։ Երախտապարտութիւնս կը յայտնեմ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին իր պարգեւին եւ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսին իր միջնորդութեան համար։